Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Կազամատակարարումը Կրկին Դադրեցուած Է

Արցախի Մէջ Կազամատակարարումը Կրկին Դադրեցուած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանը կրկին արգելափակած է Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ կազատար խողովակը` Արցախի բնակչութիւնը զրկելով բնական կազի օգտագործման հնարաւորութենէն, յայտնած է Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը:

«Արցախկազ» ընկերութիւնը կը յայտնէ, որ Արցախի մէջ կազամատակարարումը դադրեցուած է:

Յունուար 12-էն ի վեր Ատրպէյճանը պարբերաբար կը փակէ, ապա մասամբ կը բանայ Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը: Սահմանափակ ծաւալով մատակարաուող կազը հասանելի է Ստեփանակերտ քաղաքի բնակելի տուներու, շրջանային կազի կայարաններու, ինչպէս նաեւ ռազմավարական նշանակութեան որոշ կառոցյներու համար: Ջեռուցման բացակայութեան պատճառով մանկապարտէզները չեն գործեր, սահմանափակումներով կ’աշխատին նաեւ պետական հիմնարկները: 57 օրէ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ նաեւ հոսանքի խնդիր կայ: Պաշտօնական տուեալներով` ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած շուրջ 5 հազար արցախցի կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment