Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Երկրաշարժի Ազդեցութիւնը Գաւառի եւ Հալէպի Հայութեան Վրայ

Թուրքիոյ Երկրաշարժի Ազդեցութիւնը Գաւառի եւ Հալէպի Հայութեան Վրայ

by MassisPost

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար, առաւօտեան ժամը 4:00ի շուրջ 7.6 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Հարաւը եւ Հարաւ արեւելեան շրջաններու նահանգները: 30 երկվայրկեան տեւող երկրաշարժը սարսափի մատնած է տասնեակ մը քաղաքներ եւ հարիւրաւոր գիւղեր: Երկրաշարժը պատահեցաւ երկրի ընթերքէն 7 քիլոմեթր խորութեան մէջ, կեդրոն ունենալով Գահրաման Մարաշի Փազարչքը շրջանը: Նոյն պահուն բովանդակ երկրի տարածքին, ցուրտ եղանակին, անձրեւ եւ ձիւն կը տեղար:

Երկրաշարժը զգալի եղաւ Հաթայի, Կազիայնթապի, Ատրեամանի, Մալաթիոյ, Տիարպաքըրի, Շանլըուրֆալի եւ Քիլիսի մէջ: Մեծապէս տուժած է նաեւ Հիւսիսային Սուրիոյ կարգ մը շրջանները, մասնաւորաբար Հալէպն ու իր արուարձանները: Հալէպի մէջ 4 հայեր զոհ գացած են: Իսկ տեղւոյն Կիլիկեան Կրթական հաստատութեան վերանորոգուած բաժինը կրկին քանդուած է:

Կիլիկեան Կրթական հաստատութեան շէնքը

Ցնցումի աշխարհագրութեան շառաւիղը՝ շատ ընդարձակ էր, հասնելով մինչեւ Կիպրոս, Պէյրութ եւ Իսրայէլ: Թուրքիոյ իշխանութիւնները ահազանդ հնչեցուցին եւ «կարմիր ահազանգ» յայտարարելով, ապահովական միջոցառումներ որդեգրելու կոչեր ուղղեցին, նաեւ միջազգային տարողութեամբ օգնութիւն ակնկալելով աշխարհէն: Առաջին արձագանգը եղաւ Լիբանանէն, որուն բանակը զինուորական միաւոր մը ղրկեց շտապ օգնութեան համար:

Մինչ այդ յետ-ցնցումներ իրար յաջորդեցին 6-6.5 բալի ուժգնութեամբ: Նախնական տուեալներու համաձայն՝ մահացողներուն թիւը մօտ 4500 է, որոնց 900ը տեղի ունեցած է Սուրիոյ Հիւսիսը:

Արդարեւ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը իսկոյն հետաքրքրուած է գաւառի հայաբնակ շրջաններու եկեղեցիներու եւ համանյքային կացութեան մասին: Առաջին առթիւ ստացուած տեղեկութիւնները հետեւեալներն են.

Մալաթիա – Հայ ընտանիքի մը տունը փլած է, կայ մէկ մեռեալ:

Էլազիկ – Քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր: Համայնքի անդամները թէեւ վրդոված են« սակայն անձի կորուստ չկայ:

Տիարպաքըր- Յովհաննէս Կաֆուրէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն եկեղեցին վնաս չէ կրած: Կան աւերուած շէնքեր:

Իսքէնտէրուն- Արժ. Տ. Աւետիս քահանայէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն քաղաքին կեդրոնը աւերներ յառաջացած են: Լատին կաթոլիկ եկեղեցին հիմնայատակ կործանած է: Սրբոց Քառասուն Մանկունք եկեղեցին եւս աւեր կրած է: Անձի կորուստի մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ:

Վաքըֆ գիւղ – Մտահոգիչ պարագայ չկայ:

Սըվազ. – Երկրաշարժը թէեւ զգալի դարձած է« սակայն համայնքի անդամները վրդոված են: Անձի կորուստ չկայ:

Կեսարիա.- Երկրաշարժը զգալի ըլլալով հանդերձ« Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին որեւէ վնաս չէ կրած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment