Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանը Բողոքի Նոթա Յղած Է Փարիզին

Ատրպէյճանը Բողոքի Նոթա Յղած Է Փարիզին

by MassisPost

Ատրպէյճանը բողոքի նոթա յղած է Փարիզին` իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով «Ֆրանսայի տարբեր քաղաքական ուժերու կողմէ Ատրպէյճանի դէմ կողմնակալ եւ զրպարտչական արշաւի առթիւ, որ չ’արժանանար ֆրանսական կառավարութեան անհրաժեշտ հակազդեցութեան»: Բողոքի նոլան փոխանցուած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնին:

Մեկնաբանելով Ֆրանսայի քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն կողմէ «Le Monde» պարբերականին մէջ հրապարակուած նամակին, որուն մէջ այդ գործիչները կը պահանջէին բանալ Լաչինի միջանցքը, Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը կը նշէ. «Վերոյիշեալ նամակը Ֆրանսայի մէջ իրականացուող հակաատրպէյճանական քայլերու նպատակաուղղուած եւ համակարգուած շարունակութիւնն է:

Ատրպէյճանական կողմը Փարիզի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ հարկաւոր է անյապաղ կերպով համապատասխան քայլերու ձեռնարկել ֆրանսական կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի դէմ իրականացուող արշաւին վերջ տալու համար», նշուած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան բողոքի նոթային մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment