Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Որոշուած Է Ժամանակաւորապէս Դադրեցնել Գաշենի Հանքավայրի Շահագործումը. Արցախի Կառավարութիւն

Որոշուած Է Ժամանակաւորապէս Դադրեցնել Գաշենի Հանքավայրի Շահագործումը. Արցախի Կառավարութիւն

by MassisPost

«Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութեան ղեկավարութեան հետ համատեղ որոշում կայացուած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել հանքավայրի շահագործումը մինչեւ միջազգային բնապահպանական փորձաքննութեան աւարտը,  յայտնած է Արցախի կառավարութիւնը:

Կը նշուի, որ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի բնապահպանները ներկայացող անձերու ստեղծած անառողջ միջավայրն ու միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու փորձերը` որոշած են դիմել միջազգային կազմակերպութիւններուն` գործունէութեան հետ կապուած միջազգային բնապահպանական փորձաքննութիւն իրականացնելու համար:

«Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութիւնը Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Գաշենի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի շահագործողն է:

«Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մշտապէս կողմնակից է եղել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում միջազգային լաւագոյն չափանիշերի պահպանմանը եւ համոզուած է, որ միջազգային բնապահպանական չափանիշերը պէտք է կիրառելի լինեն ողջ տարածաշրջանի հանքարդիւնաբերող ընկերութիւնների համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment