Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Արտահերթ Նիստին Քննարկուած Է Արցախին Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Հարցը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Արտահերթ Նիստին Քննարկուած Է Արցախին Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Հարցը

by MassisPost

Դեկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի արտահերթ նիստ` Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ անոր հետեւանքով Հիմնադրամին կողմէ Արցախին մարդասիրական աջակցութեան ցուցաբերման հարցը քննարկելու նպատակով, որ վարած է հանրապետութեան նախագահ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը:

Նիստին տեսակապի միջոցով կը մասնակցէին Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 20 անդամներ, ինչպէս նաեւ` Հիմնադրամի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Նիստի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ու պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը ներկայացուցին Արցախի մէջ ստեղծուած  մարդասիրական ճգնաժամը եւ արցախահայութեան հրատապ կարիքները, զանոնք հասցէագրելու ուղղութիւնները:

Նիստի մասնակիցները քննարկեցին ստեղծուած իրավիճակը, շեշտուեցաւ Արցախին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով համահայկական համախմբման անհրաժեշտութիւնը: Ներկայացուեցան  Արցախին հրատապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հնարաւոր ուղիները եւ եղանակները, ձեռնարկուելիք միջոցառումները, այդ շարքին` տարբեր ձեւաչափերով դրամահաւաք-արշաւներու կազմակերպման, Հիմնադրամի` Արցախի մէջ իրականացուող ընթացիկ ծրագիրներու վերաուղղորդման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հիմնադրամին կողմէ միջազգային տարբեր կառոյցներուն դիմելու անհրաժեշտութիւնը:

Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ բոլոր կառոյցներուն առաջարկուեցաւ աշխոյժ աշխատանքներ տանիլ` իրենց համայնքներուն ներուժը Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ջանքերուն ուղղորդելու, ինչպէս նաեւ` երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ Արցախի կայուն ու ինքնաբաւ զարգացումը ապահովելու նպատակով:

ԱՄՆ Տեղական Մարմինը պատրաստակամութիւն յայտնեց անմիջապէս 500.000 տոլար տրամադրելու` Արցախին բնամթերքի տեսքով մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

2021-2022 թուականներու ընթացքինի Հիմնադրամը Արցախի մէջ արդէն իսկ իրականացուցած է աւելի քան 32 միլիառ դրամի տարբեր մարդասիրական ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են յետպատերազմեան վերականգնողական աշխատանքներուն: Կառուցուած եւ շահագործման յանձնուած են հարիւրաւոր բնակարաններ ու առանձնատուներ, աւելի քան 52 քմ տարբեր ռազմավարական ճանապարհներ եւ քանի մը համայնքներու մէջ խմելու ջուրի ցանցեր, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորուած են առողջապահական, կրթական, մշակութային եւ այլ կարեւոր ոլորտներու զարգացման տասնեակ ծրագիրներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment