Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գրիգոր Սաթամեանի «Թատերական Ուղեւորութիւնս» Գիրքին Շնորհանդէսը

Գրիգոր Սաթամեանի «Թատերական Ուղեւորութիւնս» Գիրքին Շնորհանդէսը

by MassisPost

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գրիգոր Սաթամեան թատերախումբի վարչութիւնը անցեալ Կիրակի, Նոյեմբեր 13, 2022ին կազմակերպած էր շնորհանդէս մը, նուիրուած տաղանդաւոր բեմադրիչ, թատերագիր եւ դերասան Գիրգոր Սաթամեանի «Թատերական Ուղեւորութիւնս» գիրքին: Հակառռակ նոյն օրուան տարբեր միջոցառումներուն, խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ. ի Պոյաճեան սրահ:

Այս առթիւ մեծ արուեստագէտի կեանքին եւ 60 տարիներու բեղուն գործունէութեան մասին խօսեցան օրուան հանդիսավար Գէորգ Քէօշկերեան եւ մասնաւորաբար` գլխաւոր բանախօս Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանը:

Խօսք առաւ նաեւ վաստակաշատ մեծարեալը Գրիգոր Սաթամեան: Ան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց գիրքի մեկենաս  Տիար Նազարէթ Գեւոնեանին եւ աջակից Ենովք Պալիկեանին: Գ. Սաթամեան իւրայատուկ հիւմորով համեմուած դրուագներ պատմեց իր անցեալի գործունէութենէն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տիգրան Էքիզեան եւ դրուագներ պատմեց Գ. Սաթամեանի թատերական կեանքէն:

Գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր«Պատիւս արժանաւորաց»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment