Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Արթուր Վարդանեան Դատապարտուեցաւ 13 Տարուան Բանտարկութեան, Վահան Շիրխանեանի Նկատմամբ Կիրառուեցաւ Համաներում

Արթուր Վարդանեան Դատապարտուեցաւ 13 Տարուան Բանտարկութեան, Վահան Շիրխանեանի Նկատմամբ Կիրառուեցաւ Համաներում

by MassisPost

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, դատաւոր Մեսրոպ Մակեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է Նորքի զինուած խումբի քրէական գործով դատավճիռը: Դատարանը Արթուր Վարդանեանը մեղաւոր ճանչցաւ առաջադրուած մեղադրանքներուն մէջ եւ անոր նկատմամբ պատիժ նշանակեց 13 տարի ժամկէտով բանտարկութիւն, Անթոն Թոթոնճեանին` 9 տարի ժամկէտով, սակայն կիրառեց փորձաշրջան:

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարի տեղակալ Վահան Շիրխանեանը արդարացուեցաւ Արթուր Վարդանեանի կողմէ ստեղծուած յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցելու եւ ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու, կրելու յօդուածներով` յանցակազմի բացակայութեան հիմքով: Շիրխանեան մեղաւոր ճանչցուեցաւ իշխանութիւնը իւրացնելուն նախապատրաստութեան օժանդակելու համար: Անոր նկատմամբ պատիժ նշանակուեցաւ 6 տարի ժամկէտով բանտարկութիւն, սակայն ան համաներման կիրառմամբ նշանակուած պատիժէն ազատեցաւ:

Նորք-Մարաշի զինուած խումբի գործի շրջանակին մեղադրանք առաջադրուած է աւելի քան երեք տասնեակ մարդու: Ըստ մեղադրանքին` Արթուր Վարդանեանի գլխաւորած զինուած խումբը ծրագրած էր բռնութեամբ զաւթել իշխանութիւնը: Օրինակ` թռիչքի պահուն խոցել նախագահին օդանաւը, յարձակում գործել ՀՀ նախագահի նստավայրի, Ազգային Ժողովի, Սահմանադրական դատարանի, Կառավարութեան, Հանրային հեռուստաընկերութեան եւ այլ հաստատութիւններու շէնքերուն վրայ:

Անոնց մեղադրանքներ առաջադրուած են յանցաւոր համագործակցութիւն ստեղծելու եւ ղեկավարելու (Քրէական օրէնսգիրքի 223-րդ յօդուածի 1-ին մաս), յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցելու (Քրէական օրէնսգիրքի 223-րդ յօդուածի 2-րդ մաս) եւ կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինի կերպով հրազէն, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու եւ կրելու (Քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 3-րդ մաս) համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment