Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Վարչապետը Մասնակցած Է ԱՊՀ Երկիրներու Ղեկավարներու Ոչ-Պաշտօնական Հանդիպման

ՀՀ Վարչապետը Մասնակցած Է ԱՊՀ Երկիրներու Ղեկավարներու Ոչ-Պաշտօնական Հանդիպման

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սան Փեթերպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպման:

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Թուրքմէնստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը, Ուզպեքստանի նախագահ Շաուքաթ Միրզիյոեւը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Ռուսիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներուն Սան Փեթերպուրկ ժամանելու համար եւ նշած է, որ այսօրուան ոչ-պաշտօնական հանդիպման ընթացքին հնարաւորութիւն կ’ունենան քննարկելու յաջորդ շաբաթ Ասթանայի մէջ կայանալիք ԱՊՀ գագաթաժողովին մէջ քննարկուելիք հարցերն ու թեմաները:

Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան մէջ հակամարտութիւններու լուծման անհրաժեշտութեան անդրադարձած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

«Հանդիպման շրջանակին մէջ, ի հարկէ, կ’անդրադառնանք նաեւ Համագործակցութեան տարածքին անվտանգութեան ապահովման խնդիրներու հետ կապուած հարցերուն: Չէ որ Ուքրանիայէն բացի, ուր իսկապէս ողբերգական իրադարձութիւններ տեղի կ’ունենան, յետխորհրդային տարածքի միւս Համագործակցութեան պետութիւններուն միջեւ ալ երբեմն հակամարտութիւններ կը ծագին, եւ այդ, անշուշտ, կը պահանջէ անոնց լուծման միջոցներու մշակում», ըսած է Փութին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարների ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment