Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեանն Ու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Հայաստանի Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները

Նիկոլ Փաշինեանն Ու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Հայաստանի Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի համանախագահներ Վան Գրիգորեանը եւ Էնթընի Պարսամեանը, Համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունին:

Վարչապետը բարձր գնահատած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի գործունէութիւնն ու ծրագիրները ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ շարունակական երկխօսութիւնն ու համահայկական օրակարգի շուրջ համախմբումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային իրավիճակին, Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ համազգային թեմաներուն վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment