Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ Առաքելութիւնը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Լարուածութեան Թուլացման Առաջարկներ Մշակած Է

ՀԱՊԿ Առաքելութիւնը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Լարուածութեան Թուլացման Առաջարկներ Մշակած Է

by MassisPost

ՀԱՊԿ առաքելութեան խումբը հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան թուլացման առաջարկներ մշակած է: Այս մասին յայտնած են ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի մամուլի ծառայութենէն:

«ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբի աշխատանքի արդիւնքներուն: Զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը, որ կը ղեկավարէ առաջնային խումբը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերլուծութեան հետեւանքներուն, հիմնական եզրակացութիւններու եւ համապատասխան միջոցառումներու առաջարկներու մասին»,  ըսած են մամուլի ծառայութենէն:

«Տեղի ունեցած է միտքերու անկեղծ եւ կառուցողական փոխանակում: Մշակուած առաջարկները ուղղուած են լարուածութեան թուլացման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպումէն յետոյ ՀԱՊԿ առաքելութեան խումբը մեկնած է Մոսկուա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment