Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահագն Խաչատուրեան Ներկայ Եղած է Էլիզապէթ Բ.-ի Յուղարկաւորութեան Պետական Արարողութեան

Վահագն Խաչատուրեան Ներկայ Եղած է Էլիզապէթ Բ.-ի Յուղարկաւորութեան Պետական Արարողութեան

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն գտնուող՝ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ներկայ եղած է Միացեալ Թագաւորութեան թագուհի Էլիզապէթ Բ.-ի  յուղարկաւորութեան պետական արարողութեան:

Նախագահ Խաչատուրեանը մասնակցած է Նորին Մեծութիւն Էլիզապէթ Բ.-ի հրաժեշտի արարողութեան, գրառում կատարած է Լանքասթըրի պալատին մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ:

Նախագահը մասնակցած է Միացեալ Թագաւորութեան թագաւոր Չարլզ Գ.-ի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցած է Պաքինկհամեան պալատին մէջ:

Նախագահ Խաչատուրեան մասնակցած է Նորին Մեծութիւն Էլիզապէթ Բ.-ի հրաժեշտի պատարագին, որ տեղի ունեցած է Ուեսթմինստըրեան աճարին մէջ, որնէ յետոյ նախագահը ներկայ եղած է Բրիտանիոյ արտաքին գործերու նախարարին կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան:

Ընդունելութիւններու ժամանակ նախագահ Խաչատուրեան առանձնազրոյցներ ունեցած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն եւ միջազգային կառոյցներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ: Հանդիպումներու ընթացքին նախագահը անդրադարձած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման  հետեւանքներուն, ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու թիրախաւորմանն, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներուն: Անդրադարձ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment