Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ընթացքին զօրքերը ետ քաշելու կոչ ըրած է: Այս մասին Պլինքըն գրած է Թուիթըրի իր էջով:
«Այսօր իմ մասնակցութեամբ ուղիղ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ: Ինչպէս ըսի հանդիպման ընթացքին` ժամանակն է, որ զօրքերը ետ քաշուին ու դիւանագէտները վերադառնան սեղանի շուրջ», նշած է ան:
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եռակողմ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է ներդնել միջազգային մեխանիզմներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն միջեւ հետագայ մագլցումներէն խուսափելու համար:
«Հանդիպմանը Արարատ Միրզոյեանն ընդգծել է, որ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուեն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից, անընդունելի են ուժի կիրառումը կամ դրա կիրառման սպառնալիքը, իսկ հետագայ մագլցումները կանխելու համար պէտք է ներդրուեն միջազգային մեխանիզմներ», կը հաղորդէ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ նշած է մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ լուծման կարեւորութիւնը, այդ շարքին` Ատրպէյճանէն բոլոր հայ ռազմագերիներու վերադարձը:
«Միրզոյեանը հաստատել է բանակցային գործընթացում ներգրաւուելու հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը», կը նշեն մամուլի ծառայութենէն: