Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը Երեք Անգամ Խախտած Են Զինադադարը ԼՂ-ի Մէջ. ՌԴ ՊՆ

Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը Երեք Անգամ Խախտած Են Զինադադարը ԼՂ-ի Մէջ. ՌԴ ՊՆ

by MassisPost

Անցած օրուան ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ արձանագրուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի երեք խախտում, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի Զինուած Ուժերու ներկայացուցիչը:

Այդ մասին նշուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան ամփոփագրին մէջ:

«Ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ փոխգործակցութեամբ Ռուսիոյ խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կարգաւորած է ստեղծուած իրավիճակը: Շփման գիծին մէջ փոփոխութիւններ թոյլ չեն տրուած», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment