Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքը Այլ Երթուղիով Փոխարինելու Ատրպէյճանի Պահանջը Օրինական Չէ. ԱԽ Քարտուղար

Լաչինի Միջանցքը Այլ Երթուղիով Փոխարինելու Ատրպէյճանի Պահանջը Օրինական Չէ. ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

Շփման գիծի լարուածութեան  լոյսին տակ երէկ Ստեփանակերտը յայտնեց, որ Պաքուն պահանջած է Արցախ-Հայաստան երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով կազմակերպել: Թէ ի՞նչ ժամկէտներու մէջ ու արդեօք հայկական կողմը համաձա՞յն է ատրպէյճանական կողմի պահանջին, չէր յստակացուած: Արցախի նախագահականէն ալ չպարզաբանեցին: Արայիկ Յարութիւնեանի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ աւելի ուշ պիտի մեկնաբանեն:

Պաքուի պահանջին անդարդարձած էր Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը: Արմէն Գրիգորեանը «Արմենփրես»-ի հետ հարցարզոյցին յայտարարած է, որ Արցախը Հայաստանի հետ կապող երթեւեկութիւնը Լաչինի միջանցքի փոխարէն այլ երթուղիով կազմակերպելու Ատրպէյճանի պահանջը օրինական չէ:

Հայաստանցի պաշտօնեան վկայակոչելած է 2020-ի Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտը, ուր սահմանուած են Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի ստեղծման եւ գործունէութեան հետ կապուած հարցերը: Արմէն Գրիգորեանը նշած է. «Կողմերի համաձայնեցմամբ յառաջիկայ երեք տարուայ ընթացքում կ’որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապն ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղու կառուցման ծրագիրը, ռուսական խաղաղապահներու հետագայ վերաբաշխմամբ` այդ երթուղու պահպանութեան համար»:

Գրիգորեան շեշտած է, որ այս պահի դրութեամբ համաձայնեցուած ծրագիր գոյութիւն չունի, թէեւ, ըստ Հայաստանի անվտանգութեան քարտուղարին, այս ուղղութեամբ որոշակի աշխատանք կատարուած է

«Յամենայնդէպս` Հայաստանը որեւէ ծրագրի համաձայնութիւն չի տուել, հետեւաբար Ատրպէյճանի պահանջը օրինական չէ», ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը` նշելով, որ Հայաստանը արդէն իսկ առաջարկած է եռակողմ ձեւաչափով համաձայնեցնել եւ ստորագրել ծրագիրը եւ համաձայնեցուած ժամանակացոյցով ու ճանապարհային քարտէզով երթալ յառաջ:

«Դա այն է, ինչ նախատեսուած է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ», ըսած է ԱԽ քարտուղարը` չյստակացնելով, թէ Հայաստանի առաջարկած ժամանակացոյցը ինչ ժամկէտներ կ’ենթադրէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment