Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Mitsubishi Heavy Industries Russia» Ընկերութիւնը Կը Փափաքի Գործունէութիւն Ծաւալել Հայաստանի մէջ

«Mitsubishi Heavy Industries Russia» Ընկերութիւնը Կը Փափաքի Գործունէութիւն Ծաւալել Հայաստանի մէջ

by MassisPost

ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեան ընդունած է «Էմ Էյջ Այ Ռուս» (Mitsubishi Heavy Industries Russia) ընկերութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւոր տնօրէն Եասուշի Քաքիթսուքայի գլխաւորութեամբ:

Ռոպերթ Խաչատրեանը հիւրերուն ներկայացուցած Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան ոլորտի ներկայ վիճակը, զարգացումներն ու մարտահրաւէրները, մատնանշած է հնարաւոր համագործակցութեան ուղիները:

Եասուշի Քաքիթսուքան իր հերթին մանրամասնած է ընկերութեան գործունէութեան ուղղութիւններն ու ոլորտները, նախանշած է փոխգործակցութեան հնարաւոր սենարները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: Կողմերը ընդգծած են, որ համագործակցութիւնը կրնայ լուրջ կամուրջ հանդիսանալ նոր առեւտրային կապերու ձեւաւորման եւ գործունէութեան ծաւալման համար: Կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ արհեստագիտական ընկերութիւններու հետ հանդիպումներ կազմակերպելու, ծրագրերու շուրջ քննարկումներ կայացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ:

«Էմ Էյջ Այ Ռուս» (Mitsubishi Heavy Industries Russia) ընկերութիւնը մտադիր է Հայաստանի կառավարութեան հետ գործակցութեան ուղիներ նախանշել, որոնց յստակացումէն յետոյ անմիջապէս գործունէութիւն ծաւալել Հայաստանի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment