Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Առաւելապաշտական Հռետորաբանութիւնը Կը Խաթարէ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Ջանքերը. Միրզոյեան

Ատրպէյճանի Առաւելապաշտական Հռետորաբանութիւնը Կը Խաթարէ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Ջանքերը. Միրզոյեան

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Վարշաւա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեած է Լեհաստանի Հանրապետութեան Ծերակոյտի նախագահ Թոմաշ Կրոձքիի հետ:

Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ խորհրդարանական ձեւաչափով սերտ համագործակցութիւնը կարեւոր դեր ունի հայ-լեհական միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը հարստացնելու եւ բարեկամական կապերը աւելի խորացնելու գործին մէջ: Այս առումով շեշտուած է տարբեր մակարդակներով աշխոյժ փոխայցելութիւններու եւ շփումներու պահպանման կարեւորութիւնը:

Արարատ Միրզոյեանը ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տեղի ունեցող բարեփոխումները` ուղղուած ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան ապահովման: Թոմաշ Կրոձքին նշած է, որ  լիովին կ’աջակցին Հայաստանին` ժողովրդավարական յառաջընթացի ճանապարհին:

Հանդիպման ընթացքին ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը զրուցակցին ներկայացուցած է  Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը եւ հայկական կողմին դիրքորոշումը` ԼՂ հիմնախնդիրի հանգուցալուծման եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ: Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի առաւելապաշտական  հռետորաբանութիւնը  կը խաթարէ տարածաշրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքերը:

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն` նախարար Միրզոյեան շեշտած է Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու անյապաղ ազատ արձակման եւ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ընդգծուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է իր լուծումը գտնէ խաղաղ ճանապարհով` բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Թոմաշ Կրոձքին պատրաստակամութիւն յայտնած է` աջակցելու խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment