Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Տարածքային Պահանջներ Չունի Իր Հարեւաններուն Հանդէպ. ԱԺ Նախագահ

Հայաստանը Տարածքային Պահանջներ Չունի Իր Հարեւաններուն Հանդէպ. ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Հայաստանը հանդէս կու գայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու օրակարգով եւ ջանքեր կը գործադրէ թէ՛ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու եւ փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակման, թէ՛ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը՝ Գերմանիոյ Պունտեսթակի փոխնախագահ Քաթրին Կէօրինկ-էքքարտթի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ:

Ազգային Ժողովի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան փոխանցմամբ` Սիմոնեան շեշտած է, որ Հայաստանը տարածքային պահանջներ չունի իր հարեւաններուն հանդէպ:

Կէօրինկ-էքքարտթը նշած է, որ աչալրջօրէն կը հետեւին տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, եւ համոզմունք յայտնած է, որ հակամարտութիւններու լուծման արդիւնաւէտ ուղին խաղաղ բանակցութիւններն են:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս ընդունած է Պունտեսթակի փոխնախագահը, անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակին եւ անվտանգային մարտահրաւէրներուն:

Պունտեսթակի փոխնախագահը նշած է, որ Գերմանիան կը կարեւորէ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ կ’աջակցի այդ ուղղութեամբ Հայաստանի քայլերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment