Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վետիի Մէջ, Նախնական Արդիւնքներով, Յաղթած Է ՔՊ-ն` 56.2 Տոկոսով

Վետիի Մէջ, Նախնական Արդիւնքներով, Յաղթած Է ՔՊ-ն` 56.2 Տոկոսով

by MassisPost

Արարատի մարզի Վետի խոշորացուած համայնքին մէջ տեղի ունեցած աւագանիի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներով` 56.2 տոկոսով յաղթած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը: Ընտրութիւններուն մասնակցող միւս քաղաքական ուժը` «Իմ Հզօր Համայնքը» ստացած է ձայներու 41.5 տոկոսը:

Վետիի մէջ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են համամասնական ընտրակարգով. ՔՊ-ի ցուցակը կը գլխաւորէր Արարատի նախկին մարզպետ, Պետական Գոյքի Կառավարման Կոմիտէի նախկին ղեկավար Գարիկ Սարգսեանը, իսկ «Իմ Հզօր Համայնք»ի առաջին թիւը Սիսաւանի համայնքապետ Սպարտակ Թարթիկեանն էր:

Ընտրութիւններու մեկնարկէն ժամեր անց, «Քաղաքացիական Պայմանագրի» աջակիցներու եւ մէկ ընդդիմադիրի միջեւ Ուրցաձոր համայնքի ընտրատեղամասերէն մէկուն մօտ ծեծկռտուք եղաւ. փոխադարձ հայհոյանքներէ յետոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի երկու տասնեակէ աւելի աջակիցներ յարձակեցան ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող քաղաքացիի վրայ: Ոստիկանութենէն փոխանցեցին, որ միջադէպով նիւթեր կը նախապատրաստուին:

Գլխաւոր Դատախազութիւնը կը հաղորդէ, որ Վետի խորոշացուած համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն արձանագրուած է առերեւոյթ յանցաւոր խախտումներու 10 դէպք, 6-ով նիւթեր կը նախապատրաստուին: Ըստ Դատախազութեան` եղած են ընտրութեան գաղտնիութիւնը խախտելու պարագային, երբ քուէարկութեան արդիւնքները լուսանկարած են, տեղամասին հարող տարածքին մէջ վիճաբանութեան ու բռնութիւն կիրառելու դէպք եղած է, ընտրատեղամասերուն մօտ կուտակումներ, կրկնաքուէարկութիւն եւ լրագրողի գործունէութիւնը խոչընդոտելու դէպք:

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը ընտրութիւններուն մէջ, նախնական արդիւնքներով, յաղթեց միայն երկրորդ փորձէն յետոյ: Դեկտեմբերին Վետիի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքներով առաջատար էր «Իմ Հզօր Համայնք» կուսակցութիւնը` 42.8 տոկոս ձայներու քանակով: ՔՊ-ն երկրորդ տեղն էր` հաւաքելով 38 տոկոս: Կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքներով` որեւէ ուժ չէր յաջողած միայնակ մեծամասնութիւն ձեւաւորել, դաշինքներու վերաբերեալ համաձայնութիւն եւս չէր ձեռք բերուած: Երկրորդ եւ երրորդ տեղը զբաղեցուցած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու համամասնական ցուցակներու աւագանիի բոլոր թեկնածուները ինքնաբացարկի դիմումներ ներկայացուցին, հետեւաբար պէտք է նոր ընտրութիւններ տեղի ունենային:

Մինչ այս ընտրութիւնները, վարչապետին որոշմամբ համայնքի ղեկավարումը յանձնուեցաւ Գարիկ Սարգսեանին, որ յայտնած էր, որ պիտի մասնակցի նաեւ ընտրութիւններուն: Այս որոշումէն յետոյ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը բարձրաձայնեց անհաւասար մրցակցային պայմաններու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment