Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փառուխը Ռուս Խաղաղապահներու Վերահսկողութեան Տակ Է, Հայկական Ուժերը Պահպանած Են Քարագլուխի Հիմնական Մասին Տիրապետումը

Փառուխը Ռուս Խաղաղապահներու Վերահսկողութեան Տակ Է, Հայկական Ուժերը Պահպանած Են Քարագլուխի Հիմնական Մասին Տիրապետումը

by MassisPost

Մարտ 27-ի երեկոյեան եւ 28-ին` ժամը 12:00-ի դրութեամբ, մարտավարական իրադրութիւնը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, այդ շարքին` նաեւ շփման գիծի արեւելեան հատուածին մէջ, յարաբերական կայուն է, զինադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած, կը յայտնէ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը այժմ կը գտնուի Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան գօտիին մէջ:

«Շնորհիւ Արցախի զինուած ուժերի խիզախ ջանքերի` հայկական կողմին յաջողուել է կասեցնել ատրպէյճանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների յառաջխաղացումը եւ պահպանել Քարագլուխ լերան հիմնական մասի հանդէպ տիրապետումը», կը յայտնէ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը` նշելով, որ ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլուխի մէկ հատուածին մէջ ամրացուած դիրքերուն մէջ:

Աշխատանքները ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամատարութեան հետ ատրպէյճանական կողմի` ելման դիրքեր վերադառնալու շուրջ կը շարունակուին, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Բանակցութիւններու արդիւնքներով, ատրպէյճանական կողմը իրականացուցած է իր ստորաբաժանումներուն դուրսբերումը Փառուխ բնակավայրի տարածքէն, ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան վերաբերեալ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդման մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ Ասկերանի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի խախտման երկու դէպք արձանագրուած է. փոխհրաձգութեան հետեւանքով իւրաքանչիւր կողմէ վիրաւորուած է երկու հոգի:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի հրամանատարութիւնը, համագործակցելով հակամարտող կողմերի ներկայացուցիչների հետ, կայունացրել է իրավիճակը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment