Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեան Եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Ռուսաստանի Համանախագահը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Միրզոյեան Եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Ռուսաստանի Համանախագահը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Ռուսաստանի համանախագահ Իկոր Խովաեւ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի խախտման եւ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ` Փառուխ գիւղի հատուածին մէջ, Մարտ 24-ին մեկնարկած ատրպէյճանական ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը յայտնէ հայկական կողմը:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելու, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախաւորելու եւ ցեղային զտման ուղղուած ատրպէյճանական կողմի այլ գործողութիւններուն, ընդգծուած է ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու` Մարտ 23-ի ելման դիրքեր վերադարձի անհրաժեշտութիւնը, կը հաղորդէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է հայկական կողմին դիրքորոշումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ: Վերահաստատուած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան լիարժէք աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:

Բանակցութիւններուն վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկներուն Մինսքի Խմբակէն տակաւին արձագանգ չէ եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment