Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Վարչապետին Գլխաւորութեամբ Քննարկուած Է Հայաստանի Մէջ Առողջութեան Ապահովագրութեան Ներդրման Նախագիծը

ՀՀ Վարչապետին Գլխաւորութեամբ Քննարկուած Է Հայաստանի Մէջ Առողջութեան Ապահովագրութեան Ներդրման Նախագիծը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ 8 Յունուարին կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի մէջ առողջութեան համապարփակ  ապահովագրութեան ներդրման հայեցակարգի նախագիծը:

ՀՀ կառավարութենէն յայտնեցին, որ նախագիծը ներկայացուցած են առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը եւ նախարարի տեղակալ Լենա Նանուշեանը: Նշուցած է, որ հայեցակարգի մշակման գործընթացին մէջ ուսումնասիրուած են քանի մը նախատիպեր, եւ հիմքին դրուած է պետական առողջապահական համակարգին գաղափարը:

Բարեփոխման նպատակը պետութեան ընկերային պատասխանատուութեան եւ բնակչութեան ընկերային համերաշխութեան սկզբունքներու հիման վրայ առողջապահութեան կայուն ֆինանսաւորման համակարգի ստեղծումն է եւ բնակչութեան բոլոր խումբերուն համար բժշկական հիմնական ծառայութուններու ֆինանսական հասանելիութեան ապահովումը:

Ներկայացուած են համակարգի ներդրման ֆինանսական գնահատականի, հիմնական ծառայութիւններու փաթեթի կազմաւորման, ապահովագրուող բնակչութեան խումբերու սահմանման, անհրաժեշտ ծախսերու հաշուարկման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները: Նշուած է, որ նախագիծը քննարկման փուլին մէջ է շահագրգիռ գերատեսչութիւններուն հետ, հաստատումէն յետոյ կը նախատեսուի նաեւ համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններու փաթեթի մշակում: Առողջապահութեան նախարարութեան պատասխանատուները ընդգծած են, որ համակարգի յաջող ներդրման կարեւոր գրաւական է ոլորտի միւս բարեփոխումներուն զուգահեռ իրականացումը՝ ենթակառուցուածքներու բարելաւումը, ելեկտրոնային առողջապահութեան զարգացումը, առողջութեան առաջնային պահպանման օղակի կարողութիւններու հզօրացումը եւ այլն:

Առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան ներդրման հայեցակարգային մօտեցումներուն վերաբերեալ ծաւալած է միտքերու փոխանակութիւն: Արծարծուած են ֆինանսաւորման մեխանիզմներուն եւ աղբիւրներուն, բնակչութեան խումբերու որոշման, ապահովագրավճարի չափին եւ հաւաքագրման, ծառայութիւններու որակի չափանիշերուն, ապահովագրուածներու առողջապահական ծախսերուն համար անհրաժեշտ գումարներու հաշուարկման եւ ծախսարդիւնաւէտութեան, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան ապահովման, ներդրման վտանգներուն վերաբերող հարցեր, ներկայացուած են շարք մը առաջարկներ:

Վարչապետը, ընդգծելով բարեփոխման կարեւորութիւնը, նշած է, որ առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ հիւանդութիւններու կանխարգիլումը: Ըստ այդմ՝ անհրաժեշտ է այնպիսի նախատիպի ներդրում, որ պիտի երաշխաւորէ ծախսարդիւնաւէտ եւ որակեալ առողջապահական համակարգի գործունէութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան ներդրման զուգահեռ համընդհանուր յայտարարագրման համակարգի ներդրումը՝ հաշուի առնելով այդ բարեփոխումներուն փոխկապակցուածութիւնը եւ փոխազդեցութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է խորհրդակցութեան ճամբով լրամշակել հայեցակարգի նախագիծը եւ ներկայացնել ամփոփիչ քննարկման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment