Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կեանքիս Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Զգացի, Որ Թիկունքիս Կանգնած Է Պետութիւնը՝ Առանց Որեւէ Նախապայմանի Եւ Առանց Վարանելու. Սեւան Նշանեան

Կեանքիս Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Զգացի, Որ Թիկունքիս Կանգնած Է Պետութիւնը՝ Առանց Որեւէ Նախապայմանի Եւ Առանց Վարանելու. Սեւան Նշանեան

by MassisPost

Յունաստանի Սիրոս կղզիի վարչական դատարանին որոշմամբ ազատ արձակուած պոլսահայ մտաւորական, Հայաստանի քաղաքացի Սեւան Նշանեանը Ֆէյսպուքի էջին վրայ կատարած գրառմամբ շնորհակալութիւն յայտնած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին՝ զինք ազատ արձակելու հարցով անհաւանական ջանքեր գործադրելու համար:

«Հայաստանի դեսպանատունը եւ յատկապէս դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը անհաւանական ջանքեր գործադրեցին զիս ազատելու համար: Ան գիշեր-ցերեկ կ’աշխատէր:

Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով զգացի, որ թիկունքիս կանգնած է պետութիւնը՝ առանց որեւէ նախապայմանի եւ առանց վարանելու։ Բոլորովին այլ զգացողութիւն է: Լաւ էր, չեմ գիտեր:

Դատարանը որոշեց կալանքս կրճատել։ Իրավիճակը դեռ վերջնական յստակեցուած չէ, բայց կը կարծեմ, որ վաղ թէ ուշ պարզ կը դառնայ: Հաւանաբար որոշ ժամանակով պիտի լքեմ երկիրը եւ, հաւանական է, որ ապրիմ Հայաստանի կամ թերեւս այլ երկրի մը մէջ։

Լաւ կ’ըլլար, որ յաջողէր ու բանայինք դէպի Թուրքիա դուռը։ Բայց, դժբախտաբար, ասիկա մեր հիմնական խնդիրը չէ»,- գրած է Նշանեանը:

Նախապէս յայտնած էինք, որ Յունաստանի կառավարութիւնը չէր երկարաձգած Սեւան Նշանեանի՝ Յունաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացած ըլլալու հիմքով ձեռք բերած կացութեան իրաւունքը: Նշանեանի կինը՝ Հերա Ցուրուն, յայտնած էր, որ դեկտեմբեր 30-ին իր ամուսինը ձերբակալուած էր կացութեան կարգավիճակի ժամկէտի լրացման պատճառով:

Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնն աւելի շուտ յայտնած էր, որ տեղեակ է Սեւան Նշանեանի շուրջ ծաւալուած գործընթացէն եւ կը ձեռնարկէ բոլոր քայլերը խնդիրը կարգաւորելու նպատակաւ։

տոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment