Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նման Քայլերով Ատրպէյճանը Չի Կրնար Սասանել Արցախցիին Վճռականութիւնը՝ Ապրելու Եւ Արարելու Արցախի Մէջ. ԱՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը

Նման Քայլերով Ատրպէյճանը Չի Կրնար Սասանել Արցախցիին Վճռականութիւնը՝ Ապրելու Եւ Արարելու Արցախի Մէջ. ԱՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է 10 Յունուարին ատրպէյճանական կողմէ զինադադարի հերթական կոպիտ խախտման առնչութեամբ, որով թիրախաւորած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներուն քաղաքայինները եւ քաղաքացիական կառոյցները։ Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութենէն։

«Նման գործողութիւններն Ատրպէյճանում պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ նացիստական քաղաքականութեան դրսեւորումներ են, որոնք եւս մէկ անգամ ապացուցում են, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնների «խաղաղասիրական» յայտարարութիւնները ոչ մի աղերս չունեն այդ երկրի իրական՝ Արցախի, հայ ժողովրդի եւ տարածաշրջանի նկատմամբ ահաբեկչական եւ ծաւալապաշտական նպատակների հետ», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Արցախի ԱԳՆ-ի գնահատմամբ՝ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն ի վեր Ատրպէյճանի յարձակողական պահուածքը ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ մարդասիրութեան սկզբունքներու կոպիտ խախտում է՝ միտուած Արցախի Հանրապետութեան հասարակութեան ահաբեկման եւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան խափանման։

«Հարկ ենք համարում եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կարող սասանել արցախցու վճռականութիւնը՝ ապրել եւ արարել Արցախում, որի համար բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմում», յայտարարած է Արցախի ԱԳՆ-ն՝ յաւելելով. «Մենք շարունակելու ենք զարգացնել եւ զօրացնել մեր հայրենիքը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment