Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէն Կը Քննէ Մարտ 1-ի Գործի Վերաբերեալ ՄԻԵԴ-Ի Վճիռներէն Ետք Ձեռնարկուած Գործողութիւնները

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէն Կը Քննէ Մարտ 1-ի Գործի Վերաբերեալ ՄԻԵԴ-Ի Վճիռներէն Ետք Ձեռնարկուած Գործողութիւնները

by MassisPost

Ինչ գործողութիւններ ձեռնարկած են Հայաստանի իշխանութիւնները 2008-ի Մարտ 1-ի դէպքերու վերաբերեալ Եւրոպական դատարանի վճիռներէն ետք, այս հարցը մինչեւ վաղը պիտի քննէ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն։ Երէկուընէ՝ Նոյեմբեր 30-էն մեկնարկած եռօրեայ քննութեան նպատակն է պարզել, թէ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրները, անոնց կարգին՝ Հայաստան ինչպէս արձագանգած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի ՄԻԵԴ վճիռներուն եւ յանձնարարականներուն։

Հայաստանի պարագային Սթրասպուրկ կը քննէ 2008-ի յետընտրական իրադարձութիւններէն յետոյ տարբեր քրէական գործերով անցած ընդդիմադիր գործիչները, նաեւ առաջին նախագահի գործով Եւրոպական դատարանի կայացուցած վճիռները։

Առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ ազգային Քոնկրէս կուսակցութեան իրաւական հարցերով պատասխանատուն, ծանօթանալով կառավարութեան ներկայացուցած հաշուետուութեան, նկատել տուած է, որ փոփոխութիւնները իսկապէս կատարուած են։ Արմէն Խաչատրեան նաեւ ընդգծած է, որ անցեալ տարիներու վատ փորձը այլեւս չի կիրառուիր, երբ բացառապէս ոստիկանի ցուցմունքի հիման վրայ մարդոց կը դատապարտէին, նաեւ յարցաքննութիւնները կը տեսանկարահանուին, բարելաւուած են դատապարտեալներու պահման պայմանները։

«Ի հարկէ, այն հաշուետուութիւնը, որ ներկայացուել էր ՀՀ-ի կողմից, դրանք իրականում կան, լաւացրել են դատապարտեալների պահման վայրերի որակը, սնունդը, լուսաւորութիւնը, նախաքննութեան որակն ակնյայտօրէն բարձրացրել է, այսինքն` ձեւական առումով իսկապէս ընթացակարգային կամ կիրարկման որոշակի ձեւափոխումներ տեղի ունեցել են», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Խաչատրեան:

Սթրասպուրկի դատարանը, քննելով 13 տարի առաջ մայրաքաղաքի կեդրոնը տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւններուն առնչուող բողոքները, կայացուցած է մէկ տասնեակէն աւելի վճիռներ եւ սահմանած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է ընդդիմադիրներու շարք մը, անոնց կարգին՝ խոշտանգումներու, ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, արդար դատաքննութեան, հաւաքներու ազատութեան իրաւունքները։

Եւրոպական դատարանը անցեալ երեք տարիներուն վճիռներ կայացուցած էր առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, անոր խմբակից Դաւիթ Մաթեւոսեանի, առաջին նախագահի նախընտրական շտաբի Շիրակի մարզի ներկայացուցիչ, կալանավայրերու վարչութեան նախկին պետ՝ Մուշեղ Սաղաթէլեանի, Աբովեան քաղաքի Տէր Պետրոսեանի նախընտրական շտաբի պետ՝ Գրիգոր Ոսկերչեանի, աքթիվիսթ Վարդգէս Գասպարիի, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ՝ Սմբատ Այվազեանի եւ այլոց գործերով՝ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացնելով որոշակի պարտաւորութիւններ։

Եւրոպայի խորհուրդի պաշտօնական կայքէջի հաղորդմամբ` դեռ 2020-ին Հայաստանի կառավարութիւնը Սթրասպուրկին տեղեկացուցած է, որ Սմբատ Այվազեանի, Գրիգոր Ոսկերչեանի եւ Վարդգէս Գասպարիի գործերով բացի արդար փոխհատուցումէն, այլ յատուկ գործողութիւններու կարիք չկայ:

Միջազգային դատարանի առաջարկութիւններուն ի պատասխան` Հայաստանի կառավարութիւնը նշած է, որ բացի փոխհատուցումներէն, անցեալ տարիներու ընթացքին ընդդիմադիր գործիչներէն շատեր արդարացուած են, իսկ Մուշեղ Սաղաթէլեանը խոշտանգելու դրուագով այժմ քննութիւն կ’ընթանայ։ Նշուած է նաեւ, որ գործը չ’առաջանար Սաղաթէլեանի առողջական վիճակի պատճառով։

Ընդդիմադիր ՀԱԿ-ի ներկայացուցիչը, իր հերթին, նկատել տուած է, «լաւ կը լինէր, որ նախարարների կոմիտէն անդրադառնար նաեւ Սաղաթէլեանի նման իշխանութեան ներկայացուցչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու համար դատապարտուած, բայց հայաստանեան դատարանների կողմից դեռեւս չարդարացուած անձանց»։

Մարտեան արիւնալի դէպքերէն յետոյ շուրջ 85 մարդ դատապարտուեցաւ տարբեր յանցագործութիւններու համար։ Յեղափոխութենէն յետոյ 22 ընդդիմադիր արդարացուեցաւ, բայց արդէն մէկ ու կէս տարի է ինչ գլխաւոր դատախազութիւնը չի դիմեր վճռաբեկ ատեան՝ արդարացման գործընթացները շարունակելու։ Քոնկրէսի գնահատմամբ՝ քաղաքական հետապնդման ենթարկուած դեռ շուրջ 60 գործիչ կայ, որ չէ արդարացուած։ Գլխաւոր դատախազութենէն հաղորդած են՝ այդ գործերը այժմ ուսումնասիրութեան փուլն են։

«Վահագն Յարութեանի գործով դեռեւս արդարացուած չի, եւ պահպանւում է թէ բացառապէս ոստիկանի ցուցմունքով դատական աքթը, հաւաքի ապօրինի միջամտութեան փաստը, եւ այս նոյն բովանդակութեան մէջ դեռեւս մենք ունենք շարունակական խախտուած իրաւունքներ», – ըսաւ Խաչատրեան:

Եւրոպայի խորհրդին ուղարկած իր հաշուետուութեան մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը նաեւ ընդգծած է, որ 2015-ի սահմանադրական փոփոխութիւններով սահմանուած է վնասի հատուցումը պետական մարմիններու ոչ իրաւաչափ գործողութիւններու պարագային, նաեւ կատարուած են օրէնսդրական փոփոխութիւններ՝ սահմանելով խոշտանգումներու դրոյթը։ Նոր քրէական կատարողական հիմնարկ կառուցուած է Արմաւիր, բարելաւուած են բանտային պայմանները, հարցաքննութեան սենեակներուն մէջ տեղադրուած են տեսանկարահանող սարքեր, նաեւ յստակացած են ազատութենէն զրկելու ժամկէտները։

Հայաստանի կառավարութիւնը մինչեւ այս տարուայ Ապրիլ ամիսը պէտք է նաեւ սպառիչ պատասխաններ ուղարկեր դեռ չլուծուած հարցերու վերաբերեալ։ Եւրոպայի խորհուրդի հրապարակած փաստաթղթով նշուած են ուղղութիւնները՝ խաղաղ հաւաքներ կատարել, իրաւունքներու պաշտպանութեան արդիւնաւէտ մեքենականութիւններ, անօրինական ազատազրկումներ եւ արդար դատաքննութիւն։ Թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ինչ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է, ՄԻԵԴ-ի մօտ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցչի գրասենեակէն չարձագանգեցին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment