Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրուկուէյի Կառավարութիւնը կը Ստանձնէ Հնչակեան Տան Սրահի Շինարարութիւնը

Ուրուկուէյի Կառավարութիւնը կը Ստանձնէ Հնչակեան Տան Սրահի Շինարարութիւնը

by MassisPost

Նոյեմբեր 29-ին ՍԴՀԿ Ուրուկուէյի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, ստորագրուեցաւ փոխհամագործակցութեան պայմնանագիր Ուրուկուէյի Շինարարութեան եւ Փոխադրութեան նախարարութեան եւ «Հնչակեան Հայկական Տան» կազմակերպութեան միջեւ, կուսակցութեան կալուածէն ներս նոր սրահի շինութեան համար:

Ըստ ստորագրուած պայմանագրին՝ Ուրուկուէյի պետութիւնը 3 միլիոն ուրուկուէյական բեսոյի (մօտ 70 հազար ԱՄՆ տոլար) ներդրում պիտի կատարէ սրահի մը շինարարութիւնը իրականացնելու համար եւ Հնչակեան կառոյցը շարունակելով եւ ընդլայնելով իր հասարակական գործունէութիւնը պէտք է տարուայ մէջ սրահը ձրի տրամադրէ Ուրուկուէյցի կարիքաւոր հասարակական կազմակերպութիւններուն իրենց ձեռնարկներուն համար:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ուրուկուէյի Փոխադրութեան եւ Շինարարութեան նախարար՝ Ժոզէ Լուի Ֆալէրօ, փոխնախարար՝ Ժոզէ Օլայզօլա, Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս՝ Ալիսիա Աբրահամեան, պետական երեսփոխան՝ Փետրօ Ժիստոնեան եւ այլ պաշտօնեաներ:

Իր խօսքին մէջ նախարար՝ Ֆալէրօ ըսաւ, որ 1926-ին հիմնադրուած Հնչակեան կառոյցը բաւարարած է պետութեան պահանջները եւ ատոր համար կը ստանայ այս ներդրումը զարգացնելու համար իր գործունէութիւնը: Այս ծրագրով Ուրուկուէյի պետութիւնը իր գնահատանքը կը յայտնէ հայ համայնքի հանդէպ եւ այս ձեւով կը հզօրանան հայ ուրուկուէյական բարեկամական յարաբերութիւնները:

Ուրուկուէյի ՍԴՀԿ վարիչ Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Դանիէլ Մանուէլեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ուրուկուէյի պետութեան այս որոշման կապացութեամբ եւ ըսաւ, որ սա մեծ յարգանք է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած այն ընկերներուն, որոնք հիմքերը դրին  1926-ին Հնչակեան մասնաճիւղին եւ մեծ պարտաւորութիւններ կը ստեղծէ ներկայ սերունդի ազգային եւ հասարակական ծառայութիւնները զարգացնելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment