Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սկսաւ Երեք Միլիոն Տոլար Կաշառք Ստանալու Մեղադրանքով Ռոպերթ Քոչարեանի Դատավարութիւնը

Սկսաւ Երեք Միլիոն Տոլար Կաշառք Ստանալու Մեղադրանքով Ռոպերթ Քոչարեանի Դատավարութիւնը

by MassisPost

Ապրիլ 13-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս սկսաւ կաշառք ստանալու մեղադրանքով Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ գործի քննութիւնը: Նոյն հարցով կը մեղադրուի նաեւ Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար՝ Արմէն Գէորգեան:

Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն բանի համար, որ ան իր պաշտօնէական դիրքը օգտագործած է «Թի Էս Էս Սի Արմենիա» ընկերութեան միակ մասնակից եւ տնօրէն՝ Սիլվա Համբարձումեանի օգտին գործողութիւններ կատարելուն նպաստելու եւ այդ ընկերութեան տրամադրուած ընդերքի շահագործման աշխատանքներուն չխոչընդոտելու համար 2008 թուականի Փետրուարին եւ Մայիսին Սամուէլ Մայրապետեանի օժանդակութեամբ անկէ ստացած է 3 միլիոն ԱՄՆ տոլար կաշառք:

Արմէն Գէորգեան, հանդիսանալով պետական մարմնի տեւական կազմակերպչական-տնօրինական գործառոյթներ կատարող պաշտօնատար անձ, «Թի Էս Էս Սի Արմենիա» ՍՊ ընկերութեան միակ մասնակից ու տնօրէն Սիլվա Համբարձումեանի օգտին գործողութիւններ կատարելու նպաստելուն, վերոնշեալ գործարքը չխոչընդոտելու համար, 2008-ի Ապրիլին Սամուէլ Մայրապետեանի օժանդակութեամբ անկէ ստացած է մէկ միլիոն ԱՄՆ տոլար կաշառք, ինչպէս նաեւ նոյն ժամանակ թաքցնելով ու խեղաթիւրելով նշուած գումարի իրական բնոյթն ու ծագումը` օրինականացուցած է առանձնապէս խոշոր չափերով յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտները:

Մէկ շաբաթ առաջ, Մարտ 1-ի գործ Սահմանադրական Դատարանի մէկ որոշումով կարճեցուելէ ետք, Ռոպերթ Քոչարեան ներկայ չէ եղած դատական նիստին: Անոր փաստաբան Հայկ Ալումեան տեղեկացուցած է որ, ան ՚«Քորոնա» ժահրի քննութեան ենթարկուած է եւ այժմ մեկուսացման մէջ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment