«Ատրպէյճանը Հայաստանի հանդէպ տարածքային պահանջներ չունի», – յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ Ապրիլ 13-ին, Պաքուի մէջ, դիմելով «Նոր հայեացք Հարաւային Կովկասին. յետ հակամարտային զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագրի տակ ընթացող միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն:
«Մենք պիտի յիշենք մեր պատմութիւնը, սակայն հարեւան պետութիւններէն որեւէ մէկէն, ներառեալ Հայաստանէն տարածքային պահանջներ չունինք», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ չհերքելով, սակայն համաժողովի մասնակիցներէն մէկուն այն յիշեցումը, թէ ինքը պարբերաբար Զանգեզուրը եւ նոյնիսկ Երեւանը պատմական ատրպէյճանական տարածքներ կ’անուանէ:
«Ես նոյնիսկ ըսած եմ, որ մենք կը վերադառնանք այնտեղ, բայց ես չեմ ըսած, որ մենք թանկերով պիտի վերադառնանք», – յայտարարած է Ալիեւ՝ չբացառելով նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագրի կնքման հնարաւորութիւնը:
«Մենք կը համարենք, որ հակամարտութեան էջը փակուած է: Ես բազմիցս խօսած եմ խաղաղ համաձայնագրի կնքման հնարաւորութեան մասին: Անոնք մեր ծրագիրներն են, սակայն հայկական կողմէ նոյնատիպ ազդակներ չկան: Մենք կ’ընենք ամէն ինչ [յարաբերութիւններու կարգաւորման համար], եթէ Հայաստանէն դրական ազդակներ ըլլան», – ըսած է Ալիեւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ կազմակերպուած համաժողովի ընթացքին:
Ալիեւը ելոյթին մէջ չէ թաքցուցած իր դժգոհութիւնը հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական համագործակցութեան խորացման առթիւ:
«Մենք շատ մտահոգուած ենք, որ Հայաստանը իր բանակի արդիականացման շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսաստանի հետ: Մեր այդ մտահոգութեան մասին մենք յայտնած ենք նաեւ ռուսական կողմին: Վրէժխնդրութեան որեւէ հնարաւորութիւն անտեղի լարուածութիւն կը ստեղծէ», – յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը՝ անդրադառնալով նաեւ 44-օրեայ պատերազմին հայկական կողմէն «Իսքանտեր» համակարգերու կիրառման շուրջ իրարամերժ տեղեկութիւններուն:
«Պարոն Փութինի հետ Ապրիլ 1-ին կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին ես շօշափած եմ Շուշիի մէջ «Իսքանտերներու» բեկորներու յայտնաբերման թեման: Այդ զրոյցէն արդէն երկու շաբաթ անցած է, եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդը պէտք է յստակ պատասխան ստանայ», – յայտարարած է Ալիեւը՝ նշելով նաեւ, որ «Իսքանտերներու» հարցով պաշտօնական Մոսկուային դիմած է նաեւ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը: – «Ապրիլի չորսին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսաստանցի գործընկերներուն այս առթիւ պաշտօնական հարց ուղարկած է: 9 օր անցած է, սակայն այստեղ եւս պատասխան դեռ չկայ: Մենք տրամադրած ենք լուսանկարները, տեսագրութիւնները եւ հարց տուած ենք՝ ուրկէ՞ արձակուած են հրթիռները եւ ո՞վ արձակած է զանոնք: Այդ պարզապէս «Իսքանտեր» չէր, այդ «Իսքանտեր Մ» էր, զոր Հայաստան չէր կրնար ունենալ»: