Արցախի քննչական կոմիտէն այսօր՝ Մարտ 30-ին վարոյթ ընդունած է Արցախի մէջ ականազերծում կատարող The HALO Trust կազմակերպութեան վերաբերեալ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան յօդուածներով աւելի վաղ յարուցուած քրէական գործը։
Կոմիտէն նշած է, որ 2021-ի Մարտ 11-ին քրէական գործ յարուցուած էր ԶԼՄ-ներուն (Զանգուածային լրատուական միջոցներ) մէջ յայտնուած այն տեղեկութեան հիման վրայ, որու համաձայն, The HALO Trust կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ գործունէութիւն իրագործած ընթացքին փոխանցած է Արցախի ականապատուած տարածքներու քարտէզը թրքական յատուկ ծառայութիւններուն ։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Նշենք, որ The HALO Trust-ը հերքած է մամուլով շրջանառուող տեղեկութիւնը, եւ զայն որակած է «բացարձակապէս սուտ»։