Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ռուսաստանցի Փորձագէտները Ահազանգած Են Որ Մոսկուայի Նկատմամբ Անգարայի Քաղաքականութիւնը Բարեկամական Չէ

Ռուսաստանցի Փորձագէտները Ահազանգած Են Որ Մոսկուայի Նկատմամբ Անգարայի Քաղաքականութիւնը Բարեկամական Չէ

by MassisPost

Մինչ ռուսաստանցի պաշտօնեաները բոլոր հարթակներէն կը յայտարարեն, թէ Ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ, որ հնարաւոր եղաւ կանգնեցնել բացառապէս Ռուսաստանի նախագահի ջանքերով, Մոսկուան պիտի շարունակէ ունենալ բարեկամական յարաբերութիւններ թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Երեւանի հետ, ռուսաստանցի լրագրողները հարցականի տակ կը դնեն այդ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ տարբեր հարցեր կը բարձրաձայնեն։

Ազատութիւն ռատիոն կը հաղորդէ որ “Аргументы и факты”  (Ակրիմանդ ի Ֆաքթը) պարբերականը այսօր՝ Մարտ 30-ին հրապարակած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարի հարցազրոյցը, ուր կարճ անդրադարձ կայ նաեւ Ղարաբաղեան պատերազմին։

Լրագրողը հարցուցած է Տմիթրի Փեսքովին, թէ  արդեօք չկա՞յ այն մտավախութիւնը, որ Մոսկուան կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն վրայ, եւ որպէս փաստարկ նշած է, թէ Հայաստանէն ներս իրավիճակը խառնաշփոթ է, իսկ Ատրպէյճանը աւելի ու աւելի ակնյայտօրէն կը ձգտի դէպի Թուրքիա։

Փեսքով արձագանգած է․ – «Մենք փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հրաշալի վստահելի յարաբերութիւններ ունինք Ատրպէյճանի հետ։ Յարաբերութիւններ, որոնք կրնան ունենալ շատ-շատ ձեւեր եւ որոնք կը ներկայացնեն փոխադարձ օգուտ։ Հայաստանի հետ նոյնպէս պատմականօրէն լաւ յարաբերութիւններ կան։ Մենք ունինք բազմաթիւ համարկման գործընթացներ, որոնք Հայաստանին բաւական օգուտ կու տան։ Թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական առումով»։

Քրեմլինի խօսնակը այս հարցազրոյցին կրկին անգամ ընդգծած է Վլատիմիր Փութինի դերակատարութիւնը։ «Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցածին… Հաւանաբար, բոլորը պէտք է յիշեն Փութինի անձնական դերը պատերազմը դադրեցնելու մէջ», – “Аргументы и факты” (Ակրիմանդ ի Ֆաքթը) պարբերականին ըսած է Փեսքով։

Աւելի վաղ, ռուս լրագրողը հարցուցած էր Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Սերկէյ Շոյկուին, թէ արդեօք Մոսկուան մտավախութիւն չունի՞ «Թուրանի բանակ» կառուցելու Թուրքիոյ իշխանութիւններու մտադրութեան վերաբերեալ։ Շոյկուն պատասխանած էր, թէ Մոսկուան ու Անգարան թէեւ ունին տարաձայնութիւններ, սակայն ամէն անգամ կը կարողանան գտնել ընդհանուր լեզու, եւ որ «Թուրանի բանակի» մասին տեղեկութիւնը մտացածին է։

Նոյն տրամաբանութեամբ են, ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող Մոսկուայի բոլոր յայտարարութիւնները, թէեւ փորձագէտները կ’ահազանգեն, որ Ռուսաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը բարեկամական չէ։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով, մասնաւորապէս, Փետրուարին, կրկին նմանատիպ հարցումի մը պատասխանած ատեն ըսած էր․ – «Իսկ եթէ խօսինք Մեծ Թուրանի՝ որպէս վերազգային կառոյցի մասին պատմական իմաստով, չեմ կարծեր, որ Թուրքիան նման նպատակ կը հետապնդէ»։

Մոսկուան կը փորձէ նաեւ շրջանցել բոլոր սուր հարցերը, որոնք կը ծագին Ղարաբաղի շուրջ յետպատերազմեան շրջանին, եւ փոխարէնը կ’ընդգծէ, որ կարեւոր է այն, որ Փութինի տիտանական ջանքերու շնորհիւ այսօր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն կը տիրէ, եւ որ Ղարաբաղի մէջ, ռուսական խաղաղապահ ուժերը կ’ապահովեն հրադադարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment