Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Բաց Է 2021-2022 Թուականի Դիմումներուն Համար

ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Բաց Է 2021-2022 Թուականի Դիմումներուն Համար

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու  Յանձնախումբը հաւատարիմ իր առաքելութեան,ամենամեայ կրթաթոշակային ծրագրի միջոցով ներդրումներ կը կատարէ մեր երիտասարդութեան ապագայի ուղղութեամբ` յոյս ունենալով, որ ան արդիւնաբեր կը հանդիսանայ  հայ համայնքին:

Ուստի, մեզ համար հաճելի է յայտարարել 2021-2022 տարեշրջանի ՀԿԲՄ-ի կրթանպասատային ծրագրի բացումը: Կրթանպաստներ(իւրաքանչիւրը մինչեւ 1500 ԱՄՆ տոլար) պիտի տրամադրուին համալսարանական ուսանողներու, որոնք ներկայիս ընդունուած են Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող քառամեայ համալսարաններէն ներս:

Դիմողները պէտք է ըլլան հայկական ծագումով, ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA եւ գործունեայ ըլլան հայկական համայնքէն ներս:

Այս պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել  https://aebu.org/our-programs/scholarship/ կայքը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար: Դիմումները կրնան ներկայացուիլ  մինչեւ Յունիս 30, 2021, առցանց եւ կամ նամակատան միջոցաւ, ուղարկելով հետեւեալ հասցէին` AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել 626-344-7321 թիւին:

ՀԿԲՄ իր տարեկան նպաստները կը յատկացնէ մրցակցական հիմունքներով եւ վերանայումէ ետք: Անցեալ տարի, ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստի Յանձնախումբը ընտրած էր վեց տաղանդաւոր համալսարանական ուսանողներ` գնահատելով  անոնց ակադեմական կարողութիւնները եւ համայնքէն ներս ունեցած գործունէութիւնը:

Այս տարուայ արդիւնքները պիտի  յայտարարուին առցանց` Օգոստոս 1, 2021-ին:

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները  կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան`  կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը: Մեր

Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment