Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կան Ուժեր, Որոնք Կ’ուզեն, Որ Հայաստանի Պետականութիւնը Զարգանայ Յառաջափոստի Տրամաբանութեամբ․ Փաշինեան

Կան Ուժեր, Որոնք Կ’ուզեն, Որ Հայաստանի Պետականութիւնը Զարգանայ Յառաջափոստի Տրամաբանութեամբ․ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան իրականացումը մէկ աստիճանով պիտի բարձրացնէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, սակայն կան ուժեր, որոնք չեն ուզեր, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը զարգանայ:

Լրագրողներու հետ զրոյցին նման դիրքորոշում յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան վերաբերեալ հարցերուն ի պատասխան:

«Ակնյայտօրէն կան ուժեր, որոնք չեն ուզում, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը զարգանայ: Նրանք ուզում են, որ Հայաստանի ինքնութիւնը կամ պետականութիւնը զարգանայ յառաջափոստի տրամաբանութեամբ, եւ ամէն ինչ անելու են, որ Հայաստանը իր ինքնիշխան որոշումն իրագործելու հնարաւորութիւն չունենայ՝ այդ թւում խաղալով մարդկանց յոյզերի հետ եւ այլն»,- ըսաւ վարչապետը՝ յաւելելով, որ այդ առումով հանգիստ է, որովհետեւ խօսած է ե՛ւ Ոսկեպար, ե՛ւ Կիրանց բնակավայրերու բնակիչներուն  հետ:

Հայաստանի մէջ շատ դիւրազգաց վերաբերմունք կայ ներգաւառներու/արտագաւառներու թեմային հետ կապուած, բայց ես կ’ուզեմ յիշեցնել, որ մենք ներգաւառ/արտագաւառի թեմայէն չենք կրնար հրաժարիլ, որովհետեւ Հայաստանի 29 հազար 743 քառակուսի քմ ինքնիշխան տարածքին մէջ կը մտնէ նաեւ Արծուաշէնը, որ արտագաւառ է մեր տեսակէտէն, ներգաւառ է Ատրպէյճանի տեսակէտէն: Մենք պայմանաւորուած ենք, որ այդ հարցին պիտի անդրադառնանք: Այս մասին Ստեփանաւանի մէջ՝ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:

Վարչապետին խօսքով՝ նախ՝ մենք կը պատրաստուինք տէ իւրէ հիմնաւորելու Արծուաշէնի՝ Հայաստանի մաս ըլլալը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment