Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուած Է Ռուսերէնին Պաշտօնական Կարգավիճակ Տալու Նախաձեռնութեան

Արցախի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուած Է Ռուսերէնին Պաշտօնական Կարգավիճակ Տալու Նախաձեռնութեան

by MassisPost

Արցախի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է ռուսերէնին պաշտօնական կարգավիճակ տալուն։ Այս օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը կը մտնէ խորհրդարանի օրակարգ, ուր հաւանութիւն ստանալէն եւ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէն ստորագրուելէն յետոյ կը ստանայ իրաւական ուժ։ Ըստ նախագիծին՝ ԼՂ-ի պաշտօնական լեզուները  պիտի ըլլան, գրական հայերէնը եւ ռուսերէնը:

Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի հինգ խմբակցութիւններէն ամենամեծ երեքի՝ «Ազատ հայրենիք ՔՄԴ»-ի, «Արդարութիւն»ի եւ «Միասնական հայրենիք»-ի պատգամաւորները դեռ նախորդ ամիս հանդէս եկան նախաձեռնութեամբ՝ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ իրագործելու «Լեզուի» ու «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» օրէնքներուն մէջ։

Հիմնաւորման մեջ նշուած է. «Հաշուի առնելով Արցախի եւ Ռուսաստանի մշակութային, ռազմական, տնտեսական յարաբերութիւնների պատմական յիշողութիւնը եւ այն փաստը, որ բազմաթիւ արցախցիների համար շփման երկրորդ լեզու է հանդիսանում ռուսերէնը` կարեւոր ենք համարում նոր որակի յարաբերութիւնների վերաարժեւորումը եւ նոր օրակարգի ձեւաւորումը»։

Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան քարտուղար՝ Մետաքսէ Յակոբեան, սակայն, առարկութիւններ ունի եւ կը շարունակէ պնդել, որ դէմ է նման ձեւակերպման, երբ երկու լեզուները կը հաւասարեցուին։ Ըստ Յակոբեանի՝ ռուսերէնին պէտք է կարգավիճակ տալ, սակայն Ղարաբաղի պաշտօնական լեզուն պէտք է շարունակուի մնալ գրական հայերէնը, խմբագրմամբ, որ «կարող է օգտագործուել նաեւ ռուսերէն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment