Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն ՄԱԿ-ին Յղած Նամակով Կը Պնդէ, Թէ «Հայկական Կողմը Ատրպէյճանի Սահմաններուն Վրայ Կը Փորձէ Զօրք Տեղակայել»

Պաքուն ՄԱԿ-ին Յղած Նամակով Կը Պնդէ, Թէ «Հայկական Կողմը Ատրպէյճանի Սահմաններուն Վրայ Կը Փորձէ Զօրք Տեղակայել»

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն ՄԱԿ-ին յղած յատուկ նամակով կը պնդէ, որ հայկական կողմը Ատրպէյճանի սահմաններուն վրայ կը փորձէ հայկական զօրքեր տեղակայել։

«Հայաստանը, կոպիտ խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ համաձայնագիրը, «Լաչինի միջանցքով» գաղտնի կերպով Ատրպէյճանի տարածք ուղարկած է հայկական զինուած ուժերու կազմ՝ քաղաքացիական համազգեստով եւ քաղաքացիական փոխադրային միջոցներով, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ խուսափիլ ռուսաստանեան խաղաղապահներու կողմէ կատարուող ստուգման գործընթացէն»,- ըսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ ճէյհուն Պայրամովի նամակին մէջ` հասցէագրուած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին եւ Անվտանգութեան խորհուրդին։

Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան ղեկավարը շեշտած է, որ նման քայլերը կը տանին դէպի իրավիճակի ապակայունացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment