Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը Քննարկած Է Անվտանգութեան Եւ ԱՀ Վերահսկողութենէն Դուրս Մնացած Շրջաններու Խնդիրները

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը Քննարկած Է Անվտանգութեան Եւ ԱՀ Վերահսկողութենէն Դուրս Մնացած Շրջաններու Խնդիրները

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ՝ Փետրուար 8-ին նիստ գումարած է Անվտանգութեան խորհուրդը ընդլայնուած կազմով:

Ինչպէս տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն, օրակարգին ներառուած հարցերը կը վերաբերէին յետ պատերազմեան իրողութիւններուն, Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման հարցերէն մինչեւ Արցախի իշխանութեան վերահսկողութենէն դուրս մնացած շրջաններու եւ անոնց բնակիչներու խնդիրներ:

Զեկուցումներով հանդէս եկած են Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Վիթալի Բալասանեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Հայկ Խանումեան, քաղաքաշինութեան նախարար՝ Արամ Սարգսեան:

Անվտանգութեան խորհուրդը զեկուցումներու հիման վրայ լրացուցիչ քննարկումներ կը ծաւալէ եւ առաջարկութիւններով կը դիմէ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան մարմիններուն:

Նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ այսուհետ Անվտանգութեան խորհուրդը նիստերու պիտի հրաւիրէ աւելի յաճախակի՝ ըստ նախօրօք յայտնի օրակարգին, իսկ հրատապ հարցերու պարագային՝ ըստ անհրաժեշտութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment