Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իմ Քայլը» Հանդիպելէ Ետք Փաշինյեանի Հետ Եզրակացուցած Է որ, Հասարակութեան Մօտ Չկայ Արտահերթ Ընտրութիւններու Պահանջ

«Իմ Քայլը» Հանդիպելէ Ետք Փաշինյեանի Հետ Եզրակացուցած Է որ, Հասարակութեան Մօտ Չկայ Արտահերթ Ընտրութիւններու Պահանջ

by MassisPost

Ազգային ժողովի «իմ քայլը» խմբակցութիւնը Կիրակի օր հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արձանագրուած է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու մասին վարչապետի առաջարկը դրական արձագանք չէ ստացած խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ, իսկ  հասարակութեան լայն շերտերու մօտ եւս չկայ արտահերթ ընտրութիւններու պահանջ:

«իմ քայլը» խմբակցութիւնը շարունակում է աջակցել վարչապետին եւ կառավարութեանը նոյեմբերի 18-ին ներկայացուած ճանապարհային քարտէզի իրականացման գործում», – ըսուած է հանդիպումի աւրտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Տարեվերջին  վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանական եւ հետաքրքրուած արտախորհրդարանական ուժերուն հրաւիրած  էր խորհրդակցութիւններու՝ 2021 թուականին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելու հարցով։

Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «հայրենիքի փրկութեան շարժումը» յայտարարուած էր, որ նախ Փաշինեանը պէտք է հրաժարական տայ, Ազգային ժողովը Վազգէն Մանուկեանին ընտրէ ժամանակաւոր վարչապետ, եւ արտահերթ ընտրութիւնները կազմակերպուին մէկ տարի ետք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment