Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բարեկամութիւնը Սլովենիոյ Եւ Հայաստանի Գործարարներուն Եւ Ժողովուրդներուն Համար Պէտք Է Վերածուի Հնարաւորութիւններու

Բարեկամութիւնը Սլովենիոյ Եւ Հայաստանի Գործարարներուն Եւ Ժողովուրդներուն Համար Պէտք Է Վերածուի Հնարաւորութիւններու

by MassisPost

«Մեր այսօրուայ ուղերձը յստակ է․ քաղաքական բարեկամութիւնը մեր գործարարներուն եւ ժողովուրդներուն համար պէտք է վերածուի յստակ հնարաւորութիւններու։ Սլովենիան կ’առաջարկէ բարենպաստ միջավայր միջազգային առեւտուրի համար։ Կառավարութիւնը այս պահուն կը փորձէ մեր գործարար միջավայրը աւելի մրցունակ, ռազմավարական եւ կանխատեսելի դարձնել»։

ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտբւրի նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է Սլովենիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Թոնէ Քայզերը։

«Սլովենիան Կեդրոնական Եւրոպայի խաչմերուկներուն էրայ է։ Մենք նախապէս կը խօսէինք, թէ որքան կարեւոր է ա՛լ աւելի ընդլայնել երկխօսութիւնը Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ, մասնաւորապէս Հայաստանի միջեւ, եւ Սլովենիան այս առումով իսկապէս հրաշալի փոխադրութեան-լոկիսթիկ կապակցուածութիւն կ’առաջարկէ»,- նշած է ան։

Նախարար Քայզեր կարեւորած է Քոփերի նաւահանգիստի ռազմավարական նշանակութիւնը՝ շեշտելով, որ այն կրնայ լոկիսթիկ հանգոյց դառնալ հայկական ընկերութիւններու՝ եւրոպական շուկաներ դուրս գալու համար։

Ըստ անոր՝ Սլովենիոյ աշխարհագրական դիրքը եւ զարգացած փոխադրութեան ենթակառուցուածքները կրնան նաեւ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ հայկական առեւտուրի՝ ԵՄ միասնական շուկայ մուտք գործելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment