Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ-ն Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Հայ-Ամերիկեան Համաձայնագիրը

ԱԺ-ն Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Հայ-Ամերիկեան Համաձայնագիրը

by MassisPost

Ազգային Ժողովը Հոկտեմբեր 28-ին 63 կողմ, 32 դէմ ձայնով վաւերացուց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգավաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան
շրջանակային համաձայնագիրը։ Փաստաթուղթը, որ ստորագրուած էր 2026-ի Յունիս 1-ին Ուաշինկթընի մէջ եւ Յունիս 4-ին Երեւանի մէջ, կը նախատեսէ Հայաստանի տարածքով անխոչընդոտ, բազմաձեւ տարանցիկ կապի ապահովում Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Անդրկասպեան առեւտրային երթուղիի զարգացում։’

Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ շրջանակային համաձայնագիրը խորհրդարանին մէջ քննարկուած էր Հոկտեմբեր 27-ին։ Այն ներկայացուցած էր Հայաստանի արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանը։ Փաստաթուղթի քաղաքական հիմքին ինկած են 2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ ստորագրուած Համատեղ հռչակագիրը, որու ստորագրման վկայ եղած է ԱՄՆ նախագահը, ինչպէս նաեւ 2026-ի Յունուար 13-ին ԱՄՆ պետական քարտուղարին եւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին հրապարակած ԹՐԻՓՓ-ի իրականացման շրջանակը։

Համաձայնագրի վերաբերեալ խորհրդարանական քննարկումներու առանցքային հարցադրումներէն մէկը կը վերաբերէր Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ Ատրպէյճանի տարածքով երթեւեկութեան իրաւական երաշխիքներուն եւ փոխադարձութեան սկզբունքի պահպանման։

Քանի որ վաւերացուած փաստաթուղթը Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկկողմ շրջանակային համաձայնագիր է, այն իրաւական պարտաւորութիւններ չի սահմաներ Ատրպէյճանի համար։ Համաձայնագիրը կը մանրամասնէ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ հաղորդակցութեան կազմակերպման ձեւաչափը, սակայն Ատրպէյճանը ՀՀ քաղաքացիներուն՝ իր տարածքով (այդ շարքին՝ Նախիջեւանով դէպի Հայաստանի հարաւ կամ այլ ուղղութիւններով) երթեւեկութեան համարժէք պայմաններու վերաբերեալ պարտադիր իրաւական փաստաթուղթ չէ ստորագրած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment