Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բռնագանձուած Ապօրինի Գումարները Պիտի Կեդրոնացուին Անձեռնմխելի Հաշուի Մէջ, Իսկ Գոյացած Տոկոսները Ամբողջութեամբ Պիտի Ուղղուին Կենսաթոշակներուն. Նիկոլ Փաշինեան

Բռնագանձուած Ապօրինի Գումարները Պիտի Կեդրոնացուին Անձեռնմխելի Հաշուի Մէջ, Իսկ Գոյացած Տոկոսները Ամբողջութեամբ Պիտի Ուղղուին Կենսաթոշակներուն. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինյեան Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ յայտնած է, որ բռնագանձուած ապօրինի գումարները պիտի կեդրոնացուին անձեռնմխելի հաշուի մէջ, իսկ գոյացած տոկոսները ամբողջութեամբ պիտի ուղղուին կենսաթոշակներուն։ Կառավարութեան ղեկավարը այս մասին տեղեկացուցած է՝ պատասխանելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Ղազարեանի այն հարցումին, թէ Գործադիրը ինչպէ՞ս պիտի կառավարէ դատական տարբեր վճիռներով բռնագանձուած ապօրինի ծագման գոյքերն ու դրամական միջոցները։

«Վերջին շրջանում շատ ենք քննարկում ապօրինի կամ վերադարձուած գոյքերի կառավարման խնդիրը։ Յստակ որոշում ենք կայացրել դրամական միջոցների հետ կապուած։ Որոշել ենք, որ այդ դրամական միջոցները պիտի կեդրոնանան մի անձեռնմխելի հաշւում։ Նման հաշիւները պահեստի պիտի դրուեն Կեդրոնական դրամատան մէջ, դրա շնորհիւ տոկոսներ են աւելանում։ Գոյացած տոկոսներն ամբողջութեամբ պիտի ուղղուեն կենսաթոշակներին։ Ժամանակի ընթացքում անձեռնմխելի հաշուի վրայ կեդրոնացուած գումարը կը մեծանայ, տոկոսները եւս կ’աւելանան։

«Քննարկում կայ նաեւ այս մասով՝ անշարժ գոյքերը պէտք է նորից օտարեն՞ք, թ՞է ոչ։ Մեր նախնական գնահատականի համաձայն՝ այս հարցի քննարկմանը դեռ պէտք է վերադառնանք։ Հաւանականութիւնը մեծ է, որ այդ ապօրինի գոյքերը վերածուեն դրամական միջոցների, որոնք եւս կը կեդրոնացուեն տուեալ անձեռնմխելի հաշւում, որպէսզի գոյացած ամբողջ տոկոսներն ուղղուեն կենսաթոշակային ապահովմանը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment