Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանը չի կարծեր, թէ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի երէկուայ յայտարարութիւնը կրնայ դառնալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւս մէկ նախապայման։
«Եթէ այդպէս էք հարցնում, կարծում եմ՝ չի կարող լինել եւս մէկ նախապայման»,- խորհրդարանին մէջ ըսաւ Միրզոյեան՝ պատասխանելով «Ուժեղ Հայաստան»-էն Տիգրան Աբրահամեանի հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է, որ Հաճիեւի յայտարարութիւնը կրնայ ըլլալ եւս մէկ նախապայման խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար:
Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը երէկ ըսած էր, որ Հայաստանը եւ հայ հասարակությունը պէտք է ներողութիւն խնդրեն ատրպէյճանցիներէն, որոնք 30 տարի շարունակ չեն կրցած վերադառնալ իրենց հայրենի բնակավայրեր։
«Վերքերը շատ թարմ են, հակամարտութիւնը նոր է աւարտուել, զոհեր ու արիւն է եղել, ոչ մի հակամարտութեան ու պատերազմի մէջ մեղր չեն բաժանում, հասարակութիւնները պէտք է հաշտուեն, ցաւն այստեղ էլ կայ, այնտեղ էլ կայ:
Կարող ենք չափել ում ցաւն է աւելի շատ, դա էլ այլ հարց է: Բայց պէտք է աւարտել այդ հակամարտութիւնը եւ մտնել խաղաղութեան, համագործակցութեան փուլ»,- ըսաւ Միրզոյեան:

