Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկուած են ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Հոլանտայի արտաքին գործերու նախարարի համատեղ ասուլիսի ընթացքին։
Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան գործընթացը, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուող նոր հնարաւորութիւններն ու Հոլանտայի հետագայ ներգրաւուածութեան ներուժը։
Հոլանտայի ԱԳ նախարարը ողջունած է անցած տարիէն իվեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ իրականացուած նշանակալի քայլերը՝ ընդգծելով, որ կարեւոր է գործընթացը աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրմամբ։
«Մէկ անգամ եւս կը սատարեմ եւ կ’աջակցիմ այն քայլերուն, որոնք Հայաստանը կատարած է այս գործընթացը յառաջ տանելու համար, եւ գնահատանքի կ’արժանացնեմ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը։ Շատ կարեւոր է, որ այս գործընթացը ամփոփուի խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրմամբ, եւ մենք այս հարցով կ’աջակցինք ձեզ մինչեւ վերջ»,– նշած է ան։
Հոլանտայի ԱԳ նախարարը նաեւ յայտնած է անհետ կորսուած անձերու աճիւններու որոնման ուղղուած նոր ֆինանսական աջակցութեան մասին՝ ընդգծելով, որ նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի ինչպէս Հայաստանին, այնպէս ալ Ատրպէյճանին։
Անոր խօսքով՝ ծրագիրը կարեւոր նշանակութիւն ունի կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան գործընթացին նպաստելու տեսանկիւնէն։ Ան նաեւ նշած է, որ Հոլանտան պատրաստ է ֆինանսական աջակցութենէն բացի դիտարկելու օժանդակութեան այլ հնարաւորութիւններ։
Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հոլանտայի աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ անհետ կորած անձերուն հարցը կարեւոր է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի համար, ուստի այս ուղղութեամբ Հոլանտայի ներդրումը ողջունելի է։

