«Այդ յայտարարութիւններն անհիմն են, չեն նպաստում եւ օգտակար չեն խաղաղութեան առումով»։ Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան այս կերպ արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւին, որ Արցախի մէջ եւրոպացի դիւանագէտներուն տեղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ալպանական կը ներկայացնէր։
Սեպտեմբեր 14-ին Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան Ռուբինեանէն հետաքրքրուեցաւ, որպէս խորհրդարանական երկրի խորհրդարանի նախագահ կը պատրաստուի՞ արդեօք դիրքորոշում հնչեցնել, որ Գանձասար հայկական է, եւ որքանո՞վ այս քայլերը կը մօտեցնեն խաղաղութեան հաստատման: Ռուբինեան ի պատասխան նշեց, որ նոր ձեռք բերած խաղաղութիւնը խնամքի կարիք ունի, շատ կարեւոր է զգայունութիւն ցուցաբերել տարբեր հարցերու վերաբերեալ։
«Միւս կողմից լաւ է, որ այն փաստը, որ մենք հիմա խաղաղութեան պայմաններում ենք եւ մեր անհամաձայնութիւնները կամ վէճերը նման հարցերի վերաբերեալ են, այլ ոչ թէ արտայայտւում են սահմանային կրակոցներով կամ բախումներով»,- ըսած է Ռուբինեան։
Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ՝ երկօրեայ այցով գացած էին Արցախ։ Այցին կը մասնակցէին 58 երկիրներու եւ 9 միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական մարմինի 150 ներկայացուցիչներ։
Այցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ դիւանագէտներուն ներկայացնելով հայկական պատմամշակութային կոթողները (այդ շարքին՝ Գանձասարն ու Դադիվանքը) զանոնք որպէս «հին Կովկասեան Աղուանքի» քրիստոնէական ժառանգութիւն կոչած է:

