Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդդիմութեան կ’առաջարկէ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը դնել հանրաքուէի՝ յայտարարելով, որ եթէ ժողովուրդը մերժէ զայն, իշխանութիւնները
հրաժարական կու տան։
«Եկէք մենք բերենք Սահմանադրութեան նախագիծը, դուք էլ հէնց այստեղից ասէք՝ մենք այս Սահմանադրութեան նախագիծը դատապարտում ենք, սա վատն է, գնանք Սահմանադրութեան հանրաքուէի։ […] Մեզ ժողովուրդը կ’ասի՝ ոչ սահմանադրութեանը, մենք էլ հրաժարական կը տանք, կը գնանք»,- Հոկտեմբեր 28-ին Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտնած է Միրզոյեան՝ դիմելով ընդդիմադիր պատգամաւորներուն։
Նախարարը այս առաջարկը ըրած է՝ պատասխանելով Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանի հարցումին։ Վերջինս հետաքրքրուած է, թէ ինչու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը չի ստորագրուիր, եթէ իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ խաղաղութիւն արդէն հաստատուած է, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուր կ’իրականացուի։
Միրզոյեան պատասխանած է, որ Ատրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման վերաբերեալ իր պատկերացումները ունի, որոնք հայկական կողմը չի կիսեր։ Ըստ նախարարին՝ Երեւանի դիրքորոշումը այն է, որ Ատրպէյճանի բարձրացուած իրաւական մտահոգութիւնները կրնան հասցէագրուիլ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ եւ վաւերացմամբ։ Միաժամանակ, անոր խօսքով, մինչեւ այդ հարցի լուծումը կողմերը կրնան շարունակել յարաբերութիւններու
զարգացումը, առեւտուրը եւ հաղորդակցութիւններու բացումը։

