Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի մէջ Զինծառայող Վիրաւորուած Է, Վիճակը Կայուն Ծանր է

Արցախի մէջ Զինծառայող Վիրաւորուած Է, Վիճակը Կայուն Ծանր է

by MassisPost

Պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, որ այսօր՝ Յունուար 13-ի ժամը 12:00-ի սահմաններուն, ՊԲ կեդրոնական ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման ռեժիմի կոպիտ խախտման հետեւանքով, հրազէնային վիրաւորում ստացած է զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Վարդան Վաչականի Կիրակոսեան:

Վիրաւորում ստացած զինծառայողը անմիջապէս փոխադրուած է զինուորական հիւանդանոց եւ բարեյաջող վիրահատուած: Անոր վիճակը կայուն ծանր է:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուին քննութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment