Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Ներկայութեամբ Քննարկուած Սիւնիքի Իրավիճակը

Վարչապետի Ներկայութեամբ Քննարկուած Սիւնիքի Իրավիճակը

by MassisPost

Սիւնիքի մարզի սահմանային միջավայրի փոփոխութեամբ պայմանաւորուած իրավիճակը եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ձեռնարկուող միջոցառումները քննարկուած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ այսօր՝ Յունուար 13-ին կայացած խորհրդակցութեան ժամանակ։

«Յայտնի իրադարձութիւնների բերումով Սիւնիքի սահմանային միջավայրն էական փոփոխութիւններ է կրել, եւ այսօր պէտք է քննարկենք այն միջոցառումները, որ իրականացւում են Սիւնիքի հատուածում Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ապահովելու համար, պէտք է քննարկենք մինչ այժմ իրականացուած աշխատանքները եւ թէ ինչպէս պէտք է շարունակենք այդ աշխատանքները ու ինչ ուղղութեամբ: Ի հարկէ, շատ կարեւոր են ընկերա-տնտեսական, հաղորդակցական կապերի խնդիրները, կարեւոր են նաեւ բնապահպանական խնդիրները, եւ հարցերի բաւական լայն շրջանակ ունենք քննարկելու», – վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է Փաշինեան։

«Բազմիցս եմ առիթ ունեցել ասելու, որ Սիւնիքը համարում եմ մեր պետականութեան ողնաշարը, եւ մենք պէտք է բոլոր միջոցները ձեռնարկենք Սիւնիքում Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ապահովելու համար՝ ոչ միայն Սիւնիքում, այլեւ ամբողջ հանրապետութեան տարածքում, բայց Սիւնիքն այս առումով ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Նաեւ պէտք է քննարկենք, թէ ինչ ընկերային եւ տնտեսական ծրագրեր ենք իրականացնելու այն համայնքներում, որոնք սահմանային նոր կարգավիճակ են ստացել՝ ըստ էութեան, յայտնուել են սահմանային բնակավայրերի կարգավիճակում: Եւ այսօր կը կայացնենք որոշումներ, ձեռք կը բերենք պայմանաւորուածութիւններ եւ կը պայմանաւորուենք նաեւ դրանց հետագայ իրականացման ընթացքի վերաբերեալ», – նշած է պետութեան ղեկավարը։

Վարչապետին զեկուցուած է Սիւնիքի սահմանամերձ համայնքներու եւ ճանապարհներու անվտանգութեան ապահովման, սահմանային կէտերու տեղորոշման աշխատանքներու, քաղաքացիներու հնարաւոր գոյքային վնասներու փոխհատուցման գործընթացքի եւ յարակից այլ խնդիրներու լուծման ընթացքի մասին:

Արձանագրուած են ընթացիկ արդիւնքները, քննարկուած են դեռեւս առկայ խնդիրներու հնարաւոր լուծումները եւ հետագայ ընելիքները՝ ճանապարհային, հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու բարելաւման, ընկերա-տնտեսական խնդիրներու լուծման եւ այլ ուղղութիւններով:

Փաշինեան յանձնարարած է գործընթացքին մէջ ներգրաւուած պատասխանատու մարմիններուն՝ արդէն իսկ ձեռնարկուող միջոցառումները, ինչպէս նաեւ խնդիրներու գոյքագրման եւ լուծման աշխատանքները շարունակել միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի ծիրէն ներս, որ անմիջականօրէն կ’արձանագրէ խնդիրները եւ լուծումներ կու տայ, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment