Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գերմանիան 2 Միլիոն Եւրօ Կը Տրամադրէ Կարմիր Խաչին՝ ԼՂ-Ի Մէջ Մարդասիրական Ծրագիրներ Իրագործելու Համար

Գերմանիան 2 Միլիոն Եւրօ Կը Տրամադրէ Կարմիր Խաչին՝ ԼՂ-Ի Մէջ Մարդասիրական Ծրագիրներ Իրագործելու Համար

by MassisPost

Գերմանիան 2 միլիոն եւրօ տրամադրած է Կարմիր խաչին՝ Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրագործելու համար։ Կառավարութիւնը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ միջազգային կազմակերպութիւնը պէտք է անարգել մուտքի հնարաւորութիւն ունենայ ռազմական գործողութիւններէն տուժած բոլոր տարածքները, անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն աջակցելու համար։

Կարմիր Խաչը միջազգային միակ կազմակերպութիւնն է, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն առաջ գրասենեակներ ունէր ոչ միայն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ, այլեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի, եւ տասնամեակներ շարունակ տարածաշրջանէն ներս աշխոյժ աշխատանք կը տանի մարդասիրական խնդիրներու, անոնց կարգին՝ անհետ կորածներու յայտնաբերման եւ գերիներու փոխանակման ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment