Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը դառնան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան երաշխաւորը, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանը խորհրդարանէն ներս։
«Մենք մեծ ներդրում ունեցանք անարդարութեան վերացման գործով, որ կը տիրէր Ատրպէյճանի մէջ 30 տարի», – պնդած է Էրտողանը, ընդգծելով, որ Անգարան պիտի շարունակէ ջանքերը այս ուղղութեամբ։
«Ես երէկ քննարկած եմ [հրադադարի պահպանման] հարցը Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ, մենք համատեղ այդ կարող ենք երաշխաւորել, բայց նաեւ հնարաւորութիւն ունինք բարելաւելու այդ գործընթացքը», – ըսած է Թուրքիոյ նախագահը՝ մանրամասնելով․ – «Եթէ ներգրաւենք նաեւ տարածաշրջանային չորրորդ կամ հինգերորդ երկիրը, կարող ենք բոլորովին այլ իրավիճակ ստեղծել»։ Թէ յատկապէս որ երկիրներու մասին է խօսքը, Էրտողանը չէ յստակացուցած։
Քրեմլինի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով այսօր՝ Նոյեմբեր 25-ին հրաժարած է մեկնաբանել Թուրքիոյ նախագահի այս յայտարարութիւնները։