Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Խօսքով, Ընդդիմութեան Կողմէն Հնչած Կոչերը Լայն Տարածում Չգտան Հայ Հանրութեան Մէջ

Փաշինեանի Խօսքով, Ընդդիմութեան Կողմէն Հնչած Կոչերը Լայն Տարածում Չգտան Հայ Հանրութեան Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը ռուսաստանեան ԹԱՍՍ գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնած է, որ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն յետոյ իր հրաժարականի մասին ընդդիմութեան կոչերուն հայաստանցիները չեն աջակցիր․ – «Մեզ մօտ, ի հարկէ, կայ ներքաղաքական լարուածութիւն: Բայց ճշմարտութիւնն այն է, որ ընդդիմութեան կողմից հնչեցուած կոչերը լայն տարածում չգտան հայ հանրութեան շրջանում»։

Յայտարարութեան անմիջապէս արձագանգեցին Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիրները։

«Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար՝ Գէորգ Գորգիսեանի կարծիքով, այն իրավիճակէն, որուն Փաշինեանը ժողովուրդին հասցուցած է, դժգոհ է հանրութեան 70 եւ աւելի տոկոսը։ Ու մարդիկ դեռ պիտի պոռթկան. ա՛լ աւելի շուտ՝ եթէ Փաշինեան շարունակէ չընդունիլ մեղքը:

Վարչապետի հրաժարականի պահանջով ցոյցեր սկսած ուժերուն շարքին է նաեւ Փաշինեանի երբեմնի խմբակից, պաշտօնանկութենէն յետոյ անոր ընդդիմախօս՝ Արթուր Վանեցեանի ղեկավարած «Հայրենիքը»։ ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէնը կը կարծէ, որ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը մեծ է։ Համակարծիք է Գորգիսեանի հետ, որ շատ են սգացողները, որոնք չեն մասնակցիր աշխոյժ պայքարին․ – «Նիկոլ Փաշինեանի այսօրուայ յայտարարութիւնը, որ հանրային աջակցութիւն չկայ իր հրաժարականի հետ կապուած, հերթական աղաւաղող արտայայտութիւնն է, որով փորձում է էլի կիսել հասարակութիւնը երկու մասի։ Այն հասարակութիւնը, որտեղ այսօր կայ սուգ, ցաւ, կորուստ, խառնաշփոթ եւ անհասկանալի իրավիճակ, անթոյլատրելի է կիսել»։

Ծաւալուն հարցազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ներքաղաքական խնդիրներէն մինչեւ եռակողմ յայտարարութեան մէջ տեղ գտած ձեւակերպումներու կեանքի կոչման։ Կրկին չէ յստակացուցած՝ արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու ծրագիր ունի՞, թէ՞ ոչ։ Նոր ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն ընդդիմադիրները կը կարեւորեն, այլեւ Հանրապետութեան նախագահը՝ «երկիրը ցնցումներից զերծ պահելու համար»։

Փաշինեան կը կարծէ, որ հիմա աւելի կարեւոր հարց կայ՝ Հայաստանի կայունութեան եւ անվտանգութեան վերականգնումը՝ աւելցնելով, որ նկատի ունի ոչ միայն ներքին, այլեւ արտաքին անվտանգութիւնը․ – «Ես հրապարակել եմ ճանապարհային քարտէզ 6-ամսեայ ժամանակահատուածի համար, եւ առաջիկայ 6 ամսուայ ընթացքում մենք պէտք է աշխատենք իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ: Ես նկատի ունեմ քաղաքական իրավիճակը, անվտանգութեան ոլորտում իրավիճակը, տնտեսական կայունութիւնը: Եւ դրանից յետոյ մենք կը խորհրդակցենք մեր հանրութեան, ժողովրդի, քաղաքական ուժերի հետ եւ որոշում կը կայացնենք հետագայ իրադարձութիւնների ու հետագայ քայլերի կապակցութեամբ»:

Նիկոլ Փաշինեան չի կարծեր, թէ Հայաստանի բողոքական տրամադրութիւնները կարող են սպառնալ իր, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու ձեռք բերած պայմանաւորուածութեան․ – «Իմ կարծիքով, հայ հասարակութիւնը համաձայն է նրա հետ, որ այն իրավիճակում, որում ստորագրուել է այդ փաստաթուղթը, ուրիշ իրական այլընտրանք չի եղել, որն աւելի լաւը կը լինէր մեզ համար»:

Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գտնուելուն ժամկէտը 5 տարի է, յաջորդ 5 տարուայ ինքնաբեր երկարաձգմամբ՝ եթէ կողմերէն մէկը ժամկէտի աւարտէն վեց ամիս առաջ չյայտարարէ դրոյթի կիրառումը դադարեցնելու մտադրութեան մասին։

«Քանի որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տեւական հակամարտութիւն է, չեմ կարծում, որ ռուսաստանեան խաղաղապահների մնալու ժամկէտը կը սահմանափակուի 5 տարի ժամկէտով: Այսինքն՝ 5-ամեայ ժամկէտը գործընթացի սկիզբն է, եւ, ինչպէս Դուք արդէն ասացիք, այնտեղ նախատեսուած է ինքնաբեր երկարաձգման հնարաւորութիւն: Գիտէք, կարծում եմ, որ այս պահին գլխաւոր խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղում եւ տարածաշրջանում կայունութեան ապահովումն է եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիների անվտանգութեան ապահովումը: Եւ ես կարծում եմ եւ յուսով եմ, որ ռուսաստանեան խաղաղապահները յաջողութեամբ կը գործեն եւ իրապէս կը կարողանան կեանքի կոչել այդ առաքելութիւնը», ըսած է վարչապետը:

Ոչ մի յստակութիւն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսման մասին։ Բայց Փաշինեան յոյս յայտնած է, թէ համանախագահներու հետ աշխատանքային լիարժէք գործընթացը շատ շուտով կը վերականգնուի։

Այս պահուն առաջնահերթութիւնը, իր կարծիքով, գերիներու եւ կալանաւորուած անձերու, զոհուածներու մարմիններու փոխանակման, անհետ կորածներու հարցի լուծումն է։ Եւ պէտք անոնց վրայ կեդրոնանալ․ – «Գիտէք, փաստացի կայ համաձայնութիւն, յամենայնդէպս, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների շրջանում, եւ Հայաստանը համաձայն է այդ տեսակէտի հետ՝ որ բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակում: Եւ այն հարցերը, որոնք լուծուած չեն համատեղ յայտարարութեամբ, պէտք է բանակցութիւնների առարկայ դառնան ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակում: Դուք գիտէք Հայաստանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ, եւ մեր դիրքորոշումը, ի հարկէ, չի փոխուել»:

Ի դէպ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ կ’ակնկալէ փախստականներուն վերադարձը ատրպէյճանական կողմի վերահսկողութեան տակ անցած գիւղեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment