Home Uncategorized Կարօ Փայլան Չաւուշօղլուէն Հետաքրքրուած է Անգարայի Կողմնակալութեան Պատճառներու Մասին

Կարօ Փայլան Չաւուշօղլուէն Հետաքրքրուած է Անգարայի Կողմնակալութեան Պատճառներու Մասին

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հայցադիմում ուղղած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուին, վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած բախումներու ֆոնին թրքական իշխանութիւններուն դրսեւորած միակողմանի վերաբերմունքի առնչութեամբ:

Յիշատակելով Թուրքիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան Ատրպէյճանին անվերապահօրէն սատարող յայտարարութիւնները, Փայլան ընդգծած է. – «Թուրքիան, որպէս Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ ծագած խնդիրներու լուծման նպաստող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ, պէտք է չեզոքութիւն ցուցաբերեր: Մինչդեռ իշխանութիւնները կողմնակալ դիրքորոշում որդեգրած են եւ լարուածութիւնը թէժացնող յայտարարութիւններ ըրած»:

Փայլանը Չաւուշօղլուին հետեւեալ հարցերը ուղղած է. – «Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ծագած հակամարտութեան մէջ ցեղային պատճառներո՞վ է, որ կողմնակալութիւն կը ցուցաբերէք։ Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ խտրական արտաքին քաղաքականութիւնը «կրակի վրայ իւղ լեցնել» կը նշանակէ եւ միայն կը խորացնէ հակասութիւնները: Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութիւնը կը ցանկանայ աւելի շատ զինամթերք վաճառել Ատրպէյճանին։ Արդեօք այս պատճառո՞վ է, որ կը սաստկացնէք լարուածութիւնը։ Կը մտածէ՞ք Ատրպէյճան զօրք ուղարկելու մասին: Եթէ Թուրքիան ցեղային պետութիւն չէ, ուրեմն ինչո՞ւ արտաքին քաղաքականութիւնը կը վարէ ցեղապաշտական մօտեցումներով։ Կը յիշէ՞ք արդեօք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար հիմնադրուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ ըլլալու մասին։ Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ Կովկասի անկայունութենէն Ռուսաստանը կը շահի։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ հայ-թրքական սահմանին գտնուող աթոմակայանին հարուածելու սպառնալիքները»:

Աւելի վաղ, հայազգի պատգամաւորը թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած էր զերծ մնալու կողմերու միջեւ լարուածութիւնը թէժացնող քայլերէն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment