ՔՊ-ն յաղթած է համայնքներու մեծ մասին, բայց ոչ Ստեփանաւանի մէջ:
Հոկտեմբեր 25-ին Հայաստանի 21 համայնքի մէջ եղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններու
նախնական արդիւնքներով՝ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»
կուսակցութիւնը յաղթած է 16 համայնքի մէջ, եւս երկուքին մէջ՝ դաշինքով։
Ստեփանաւանի մէջ ամենաշատ ձայները ստացած է «Գործարար» կուսակցութիւնը։
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի (ԿԸՅ) հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝
Ստեփանաւանի մէջ գործող համայնքապետ Արմէն Գրիգորեանի գլխաւորած
«Գործարար»-ը ստացած է ձայներուն 41,54 տոկոսը կամ 5506 ձայն։ ՔՊ-ն հաւաքած
է 35,32 տոկոս կամ 4681 ձայն, իսկ ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ 19,68
տոկոս կամ 2609 ձայն։ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը ստացած է 3,41
տոկոս։
Նախնական հաշուարկով՝ Ստեփանաւանի 21-հոգինոց աւագանիին մէջ «Գործարար»-ը
պիտի ունենայ 9, ՔՊ-ն՝ 8, իսկ «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ 4 մանտաթ։ Գործող
համայնքապետ Արմէն Գրիգորեանը ՔՊ անդամ է, սակայն ընտրութիւններուն
մասնակցած է «Գործարար» կուսակցութեան ցուցակով։
ՔՊ-ն առաւելագոյն ձայներ ստացած է նաեւ Արտաշատի մէջ՝ 85,95 տոկոս,
Հրազդանի մէջ՝ 90,82 տոկոս, Իջեւանի մէջ՝ 86,12 տոկոս, Ծաղկաձորի մէջ՝ 84,56
տոկոս, Դիլիջանի մէջ՝ 76,27 տոկոս, Արթիկի մէջ՝ 74,79 տոկոս, Մեղրիի մէջ՝ 71,83
տոկոս եւ Մարտունիի մէջ՝ 67,61 տոկոս։
Սիւնիքի Գորիս համայնքին մէջ գործող համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի
գլխաւորած «Համերաշխութիւն» դաշինքը, որուն կազմին մէջ են ՔՊ-ն եւ «Գործարար»
կուսակցութիւնը, ստացած է ձայներուն 93,57 տոկոսը։ Նոյն դաշինքը յաղթած է
նաեւ Գաւառի մէջ՝ ստանալով 81,71 տոկոս։
Աւելի սերտ պայքար ընթացած է Եղէգնաձորի մէջ, ուր ՔՊ-ն ստացած է 48,06
տոկոս կամ 7382 ձայն, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 46,86
տոկոս կամ 7197 ձայն։ Կուսակցութիւններուն միջեւ տարբերութիւնը կազմած է
185 ձայն։
Հինգ համայնքներու՝ Արմաւիրի, Վարդենիսի, Գառնիի, Ախուրեանի եւ
Վայքի մէջ, իշխող կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն մասնակցած է առանց
մրցակիցի։ Այդ համայնքներուն մէջ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է մէկ քաղաքական
ուժի մասնակցութեամբ։
ԿԸՅ տուեալներով՝ ընտրողներու ամենաբարձր մասնակցութիւնը գրանցուած է
Ստեփանաւանի մէջ՝ 68,83 տոկոս, ամենացածը՝ Ֆիոլետովոյի մէջ՝ 25,39 տոկոս։

