Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԹՍ-ներու Կորուստի Հետեւանքով Ատրպէյճան 200 Մլն Տոլարի Վնաս Ունի

ԱԹՍ-ներու Կորուստի Հետեւանքով Ատրպէյճան 200 Մլն Տոլարի Վնաս Ունի

by MassisPost

Տաւուշի մէջ նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) կորուստի հետեւանքով ատրպէյճանական կողմը շուրջ 200 միլիոն տոլարի վնաս կրած է ։ Այս հայկական կողմի նախնական հաշուարկն է։ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները 13 ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարք խոցած են Տաւուշի սահմանամերձ հատուածին մէջ, եւս մէկն ալ խոցուած էր Արցախի հիւսիսարեւելեան հատուածը, այսօր՝ Յուլիս 21-ին փոխանցեց Զինուած Ուժերու Հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու վարչութեան շտաբի պետ Գարիկ Մովսիսեան։

«Հիմնականում ԱԹՍ-ները բոլորը խոցուել են երրորդ բանակային ջոկատի պաշտպանութեան գօտում, բացառութեամբ մէկ միաւորի, որը բերուած է, ցուցահանդէսում ներկայացուած է, այն խոցուել է Պաշտպանութեան բանակի հաշուարկների կողմից Յուլիս 17-ի առաւօտեան», – յայտնեց Մովսիսեան:

azeri-drone-2

Ըստ ՊՆ-ի ներկայացուցչին՝ ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերէն 4-ը հետախուզական, իսկ 10-ն ալ հարուածային էին։ Ռազմաօդային համալսարանի պետ Դանիէլ Պալայեան ըսած է, թէ Ատրպէյճանի համար յատկապէս լուրջ վնաս էր իսրայէլական արտադրութեան Elbit Hermes 900 ԱԹՍ-ի կորուստը, որու արժէքը կը հասնի մինչեւ 30 միլիոն տոլարի. – «Ամէն մի ԱԹՍ մի քանի հարիւր հազար տոլարների արժողութիւն ունի, իսկ աւելի մեծերը` միլիոնաւոր արժէքների: Բացի դրանից, ամենաթանկը, որ կարելի է ասել, մարդկային կորուստներն են բոլորի համար, որ ինքը միաժամանակ շատ մեծ մարդկային կորուստներ է ունեցել»:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերու մնացորդները այսօր Ռազմաօդային համալսարանին մէջ ցուցադրած էր ։ Նոր խոցուած սարքերու կողքին նաեւ կային հիները։ Ըստ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն` 2016-էն սկսեալ, հայկական կողմը մօտ 40 ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարք խոցած է. – «Բացի ORBITER-3-ի նախագծուած մասից` մարմիններից, ամբողջ ելեկտրոբանութւնը իսրայէլական է, ինչ վերաբերում է հարուածային եւ հրթիռային, ամբողջն ուրեմն իսրայէլական Elbit, Aeroscpace ընկերութիւնների արտադրանքն է: Ոչ մէկի համար գաղտնիք չի, որ իրենք համագործակցում են եւ Ատրպէյճանում համատեղ գործարան են տեղադրել»:

azeri-drone-3

Ատրպէյճանական կողմը, սակայն, կը շարունակէ հերքել իր խոցուած անօդաչու թռչող սարքերու մասին հայկական կողմի յայտարարութիւնները։ Հակառակը՝ Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը կը յայտարարէ, թէ նախորդ շաբթուայ ընթացքին իրենք խոցած են հայկական անօդաչուներ։ Այդուհանդերձ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ այդ յայտարարութիւնները:

«Յուլիսեան գործողութիւնների ընթացքում` 12-ից առ այսօր, մենք կորուստ չենք կրել անօդաչու թռչող սարքերի», – վստահեցուցած է Զինուած Ուժերու Հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու վարչութեան մարմնի պետը:

«Օրբելի» վերլուծական-հետազօտական կեդրոնի փորձագէտ Տարօն Յովհաննիսեան նկատել տուած է, թէ Ատրպէյճանը միայն կը յայտարարէ հայկական ԱԹՍ-ներու խոցման մասին, առանց փաստեր ներկայացնելու. – «Օրինակ` այսօրուայ դէպքում ունենք, երբ որ իրենք յայտարարում են, թէ 2 մարտական, մարտավարական ԱԹՍ են խոցել հայկական արտադրութեան, բայց իրենց մամուլում շրջանառուող լուսանկարները նախորդ տարիներին խոցուած անօդաչուներից են, այսինքն` փաստական ապացոյց չի տրամադրուել, հետեւաբար պարզապէս իրենց խօսքին հաւատալու որեւէ առիթ, ի հարկէ, չկայ»:

azeri-drone-4

Փորձագէտը ընդգծած է, թէ անցեալ շաբթուայ ռազմական գործողութիւնները փաստեցին, որ յատկապէս վերջին տարիներուն, բաւական հզօրացած է Հայաստանի Հակաօդային պաշտպանութեան ու պաշտպանութեան համակարգը։ Ըստ Յովհաննիսեանի՝ Ատրպէյճանը մեծ գումարներ կը ծախսէ պաշտպանական նպատակներով, սակայն իր ունեցած զրահամեքենաները  չի կրնար արդիւնաւէտօրէն օգտագործել։

Ի դէպ, Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի քաղաքացի, յայտնի պլոքըր Ալեքսանտր Լափշինը օրեր առաջ «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած էր, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն՝ Իսրայէլէն մասնագէտներ հրաւիրուած են Ատրպէյճան, բացատրելու, թէ ինչպէս հայկական ուժերը խոցած են իսրայէլական արտադրութեան անօդաչուները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment